ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԻ ՀԱԿԱԿՇԻՌ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԻ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի պետութեան կողմէ Լիբանանի կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան ճամբով 120 տարրալուծարաններու նուիրատուութիւնը Լիբանանի պետական վարժարաններուն արժանի է վերլուծումի քանի մը հայեցակէտերով:
Նախ, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան, նման տարողութեամբ նուէր կը կատարէ Լիբանանին: Այստեղ սովոր ենք լսել եւ տեսնել, թէ օտարերկրեայ դեսպանատուներ կամ անոնց ներկայացուցած պետութիւններ տարբեր առիթներու եւ տարբեր ոլորտներու վերաբերեալ ինչպիսի՛ օժանդակութիւններ եւ նուիրատուութիւններ կը կատարեն: Այժմ անոնց շարքին կ՛աւելնայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` նկատի ունենալով նուիրատուութեան ծաւալը:
Երեւոյթը կը խթանէ նաեւ հայ-լիբանանեան միջպետական յարաբերութիւնները: Այս առումով կնքուած են աւելի քան 20 համաձայնագիրներ, որոնց գործնականացման դրսեւորումներու փաստը անհրաժեշտ ակնկալութեամբ չեն արձանագրուած տակաւին: Այս մարզին մէջ անպայմանօրէն յարաբերութիւններու եւ մանաւանդ համագործակցութեան սերտացումը խթանող երեւոյթ կարելի է նկատել արձանագրուածը:
Յետոյ, կրթութիւնը այն մարզն է, որ առաջնային տեղ կը գրաւէ ինչպէս պետական, այնպէս նաեւ հասարակական կեանքին մէջ: Եւ Հայաստանի կառավարութիւնը նման նախաձեռնութեամբ իր առաջին օժանդակութեան լուրջ քայլը այս ուղղութեամբ առնելով փաստը կու տայ այս մարզի կարեւորման:
Կրթութեան ոլորտին առաջնահերթութիւն տալը իր կարգին: Հայաստանի պետութեան կողմէ առնուած քայլը պէտք է դիտարկել նաեւ քաղաքական տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ: Չմոռնանք, որ Միջին արեւելքի եւ յատկապէս այս երկրին մէջ թրքական գործօնի աշխուժացման առաջին ցուցանիշները կը վերաբերէին կրթութեան մարզին: Անշուշտ բարեսիրականին եւ առողջապահականին առընթեր: Լիբանանեան դպրոցներն էին առաջին թիրախները, որոնք ընտրուած էին Անգարայի կողմէ լիբանանեան հասարակութեան մէջ ենթահող ձեւաւորելու եւ համապատասխան քաղաքական աշխատանք տանելու համար: Լիբանանի տարածքին հիւսիսէն հարաւ լիբանանեան վարժարաններու վերանորոգումներն ու անոնց յատկացուած թրքական օժանդակութիւնները անշուշտ լիբանանեան կրթութեան որակի բարձրացումը չէին հետապնդեր: Լիբանանեան դպրոցներուն վերաբերող ծրագիրներուն իրականացման աշխատանքներուն զուգահեռ կամ անոնցմէ անմիջապէս ետք հիւսիսային Լիբանանի մէջ բացումը կատարուեցաւ թրքական ուսման արեւելումով դպրոցին, որուն բացման արարողութեան անձամբ ներկայ եղաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը: Անգարայի կողմէ մշակուած ծրագիրները ներառած են նաեւ լիբանանցի աշակերտութեան եւ ուսանողութեան ներկայացուցիչներուն մեկնումը թրքական քաղաքներ` զանազան մասնագիտութիւններու հետեւելու համար: Կրթութեան եւ գիտութեան մարզին մէջ Անգարայի պատասխանատուները աւելի առաջ շարժած են: Լիբանանեան տարբեր համալսարաններու հետ կը գործեն արդէն պայմանաւորուածութիւններ փոխադարձաբար գիտնականներ փոխանակելու, ուսումնասիրութիւններ կատարելու եւ դասախօսութիւններ ներկայացնելու Անգարայի կամ Պոլսոյ, ինչպէս նաեւ Պէյրութի մէջ:
Ուրեմն, Հայաստանի կատարած առաջին տարողունակ այս քայլը անպայման պէտք է դիտարկել իբրեւ հակակշիռ գործողութիւն մեր հակառակորդի ծաւալած գործունէութեան դիմաց: Ըստ էութեան ճիշդ է ընտրուած ոլորտը բազմակողմանիօրէն: Առնուած լուրջ քայլը, սակայն, հարկ է որ դուրս գայ պարագայականութենէ եւ մաս կազմէ ամբողջ քաղաքականութեան մը: Լիբանանի խորհրդարանի նախագահին եւ շատ չանցած հանրապետութեան նախագահին այցելութիւնները Երեւան միջպետական յարաբերութիւններու սերտացման, կնքուած համաձայնագիրներու գործնականացման հանգամանալից առիթներու կրնան վերածուիլ, եթէ այս նախաձեռնութեան հետեւին երկարաշունչ եւ հեռանկարային ուշագրաւ քայլեր: Կրթութենէն մշակոյթ, ռազմականէն զբօսաշրջութիւն ու տակաւին գիւղատնտեսութենէն փոխադրամիջոցներ եւ ապրանքաշրջանառութիւն երկու երկիրները համագործակցելու իրաւական դաշտը պատրաստած են արդէն:
Պիտի թուի, որ Թուրքիոյ նման մեծ պետութեան իրականացուցած քաղաքականութեան դիմաց հայկական կողմին նախաձեռնութիւնները կրնան աննկատ անցնիլ կամ համաչափ չըլլալ առնուազն: Երեւանը բոլոր պատճառները ունի քաղաքական այս մրցապայքարին մէջ աշխուժ նախաձեռնողականութեամբ հանդէս գալու: Քաղաքական այս մրցապայքարին մէջ հայկական կողմը ունի ուշագրաւ առաւելութիւն մը իր հակառակորդին վրայ: Մարդկային կամուրջ մը` լիբանանահայ համայնքը: