ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐԱԶԱՏ ՄԵՂՐԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ-ՎԱՃԱՌՔ
Երէկ` ուրբաթ, 25 նոյեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական հարազատ մեղրի ցուցահանդէս-վաճառք, որուն ընթացքին Հայաստանէն Լիբանան ժամանած Տիգրան Քոթանջեան ներկայացուց հայկական մեղրի օգտակարութիւնն ու պատրաստութեան եղանակները:
Ան ըսաւ, որ մեղրը այն սննդատեսակն է, որ երբեք չի փճանար եւ չի կորսնցներ իր ուժն ու բուժիչ յատկութիւնները: Քոթանջեան աւելցուց, որ աւելի նախընտրելի է, որ մեղրը պատրաստուած ըլլայ այլազան ծաղիկներու նեկտարէ` նշելով միաժամանակ, որ դաշտային ծաղիկներու մեղրը աւելի արժէքաւոր է:
Սահիկներու ընկերակցութեամբ Տիգրան Քոթանջեան նաեւ խօսեցաւ մեղրի տեսակներուն, ստուգման ձեւերուն, ծաղիկներու տեսակներուն, եղանակին եւ մեղուաբուծութիւնը յուզող շարք մը այլ խնդիրներու մասին: