ՀՅԴ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՕՐԷՆՍԳԻՐՔԻ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔԱՅԻՆ ՏԱՐԲԵՐԱԿԸ
Երէկ ՀՅԴ խմբակցութիւնը ներկայացուց Հայաստանի ընտրական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու նախագիծ մը:
Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին ՀՅԴ-ի առաջարկած նախագիծի քննարկման ընթացքին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեանին հարցուց, որ արդեօք անոր կարծիքով ընտրացուցակներու հրապարակումը գաղտնիութեան սկզբունքի խախտո՞ւմ է: «Թերեւս, եթէ հրապարակուին, ժողովուրդը պիտի իմանա՞յ, որ քուէարկած են 58 հազար վաղուց մահացած թոշակառուներ, որոնք նաեւ թոշակ կը ստանան», հարցուց ան:
Հրայր Թովմասեան նախ նշեց, որ ժամանակակից եւրոպական միտումներով` մասնակցութեան գաղտնիութիւնը եւս կը դիտարկուի իբրեւ պաշտպանութեան մեքանիզմ, ապա աւելցուց, որ հաւանաբար խնդիրին լուծման ճամբան ընտրողներու պատշաճ ցուցակներ ունենալու մէջ է, որ խնդիրներ այլեւս չյառաջանան եւ ըլլան վերահսկման այլ մեքանիզմներ, օրինակ` «վստահուած անձը այնտեղ` կողքը նստած ըլլայ»:
Նախարարը մոռցաւ իր խօսքին մէջ նշելու, թէ վստահուած անձը որո՛ւն կողքին պիտի նստի: Փաստը չվրիպեցաւ Վահան Յովհաննիսեանի աչքէն: Ան արձագանգեց հարց տալով, որ «մահացածի կողքին նստած ըլլա՞լը», ինչ որ զայրացուց նախարարին: «Եթէ ձեզի համար կարելի է ընտրութեան ընթացքին մահացածի կողքին նստիլ, ուրեմն` մահացածին պէտք չէ այդպէս բաներ ըսել: Հասկնալի չէ՞, որ յանձնախումբի անդամի կողքին»:
Երէկ Վահան Յովհաննիսեան փորձեց պաշտպանել նաեւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան նախագահ Րաֆֆի Յովհաննէսեանը մամլոյ որոշ հրապարակումներէն եւ արտախորհրդարանական արմատական ընդդիմութէնէն:
Բարոյականութեան չափանիշները յիշելու յորդորով, Վահան Յովհաննիսեան դիմեց նաեւ իրաւապահ մարմիններուն, որոնք հացադուլ յայտարարած Րաֆֆի Յովհաննիսեանին կ՛արգիլեն Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղադրել նոյնիսկ հովանոց` եղանակէն պաշտպանուելու համար: