ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ` ՆԸԺՄԵԹ ՍԱՀՐԱ – ՀՄԸՄ

Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 26 նոյեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը պիտի մրցի Նըժմեթ Սահրայի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սին էլ Ֆիլի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 2:15-ին:

Նշենք, որ ցարդ իր կատարած երկու մրցումէն ՀՄԸՄ ապահոված է չորս կէտ` արձանագրելով յաղթանակ մը եւ հաւասարութիւն մը:

Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ Մարզական աւանին մէջ Նըժմէ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ահլի Սայտայի հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES