ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ ՊԱՊԸ ՊԻՏԻ ԸՆԴՈՒՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻՆ
Վատիկանի մէջ Պենետիկտոս ԺԶ. պապը այսօր պիտի ընդունի վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ պիտի քննարկէ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Վատիկան այցելութեան շրջագիծին մէջ վարչապետ Միքաթի ունեցաւ հարցազրոյց մը` Վատիկանի ձայնասփիւռի պաշտօնական կայանին հետ:
Հարցազրոյցին ընթացքին վարչապետը շեշտեց, որ պապին հետ ունենալիք այսօրուան իր հանդիպումին ընթացքին ինք պիտի շեշտէ, որ լիբանանցիները կառչած կը մնան իրենց ազգային միասնականութեան եւ գոյակցութեան, հակառակ անոնց սպառնացող բոլոր վտանգներուն:
Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան կը շարունակէ մնալ ժողովրդավարութեան տիպար օրինակը, շրջանին մէջ արձանագրուած բոլոր զարգացումներուն կողքին: Ան նշեց նաեւ, որ քրիստոնեայ համայնքին դերակատարութիւնը մեծ եղած է երկրին ազատութեան ու ժողովրդավարութեան արժէքները ամրապնդելու առումով:
Միքաթի ըսաւ, որ ինք վերստին պիտի հրաւիրէ Պենետիկտոս ԺԶ. պապը` այցելելու Լիբանան:
Միքաթի ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանան անշեղ կը մնայ արդարութիւնը բանեցնելու իր կեցուածքէն, որովհետեւ ան չի կրնար անտեսել երկրին մէջ արձանագրուած ոճիրներն ու սպանութիւնները:
Պատասխանելով Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորման ակնարկող հարցումի մը` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը այս շաբթուան ընթացքին պիտի քննարկէ այդ հարցը, «որուն ծիրին մէջ կ՛ակնկալեմ, որ իւրաքանչիւր նախարար ստանձնէ իր պարտականութիւնները», ըսաւ ան:
Նշենք սակայն, որ Միքաթի շաբաթ երեկոյեան հասաւ Հռոմ, ուր ընթրիքի հիւրը դարձաւ Հռոմի լիբանանեան մարոնի միաբանութեան:


