ԱԿՆԱՐԿ. ՀԱՄԱԿԱՐԳԱՅԻՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը առաջադրած է ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւն, որուն հիմնական բաժինը համամասնական ընտրակարգը հարիւր առ հարիւր համեմատութեամբ ամրագրելն է: Կը հետեւին այլ առաջարկներ` ընտրական յանձնախումբերը ձեւաւորել ընդդիմութեան եւ իշխանութեան ներկայացուցիչներու 50/50 յարաբերակցութեամբ, հրապարակել քուէարկութեան մատեանները, քուէարկութեան եւ քուէներու հաշուարկի ընթացքը պարտադիր տեսաձայնագրել, ելեկտրոնային քուէատուփեր ներդնել, որոնք ցոյց կու տան, թէ տուեալ պահուն որքա՛ն ծրար կայ տուփին մէջ, կիներուն ներգրաւուածութիւնը հասցնել առնուազն 30 առ հարիւրի եւ այլ փոփոխութիւններ:
Առաջարկները ընտրակարգի հիմնական փոփոխութիւն կ՛ենթադրեն եւ զուգահեռ կը ձգտին ապահովել համապատասխան մեքենականութիւններ` ընտրութիւնները արդար, թափանցիկ եւ հանրային մակարդակով վերահսկելի դարձնելու:
Այս առաջադրանքը երկրին մէջ արմատական փոփոխութիւններ մտցնելու հիմնական մեկնարկի նշանակութիւն պարփակող քայլ է, որ կ՛առնուի Դաշնակցութեան Հայաստանի կազմակերպութեան կողմէ: Եւ խորքին մէջ ա՛յս է ամէնէն ազդեցիկ եղանակը համակարգային փոփոխութիւն յառաջացնելու պետութեան եւ հասարակութեան մէջ: Այս նպատակով ալ «Քուէն ուժ է» շարժումը կը նպատակադրէ անհրաժեշտ զգայնութիւնն ու զգօնութիւնը յառաջացնել հասարակութեան մէջ, որ գիտակցելով իր իրաւունքին պիտի աշխատի նեցուկ կանգնիլ նման փոփոխութիւններ առաջարկող նախագիծի իրականացման աշխատանքներուն:
Յայտնաբար պատահականութեան արդիւնք չէր 18 փետրուարին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնին կողմէ կազմակերպուած հրապարակային հաւաքը, ուր պարզ դարձան ընտրակարգի արմատական փոփոխութեան նպատակով Դաշնակցութեան յառաջացուցած շարժումին նպատակները: Այս ուղղութեամբ կը ծաւալին համալիր գործողութիւններ: Շարժումին նպատակները հասարակութեան ներկայացնելէն ետք Դաշնակցութիւնը խորհրդարանին կը ներկայացնէ ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութեան առաջարկներու նախագիծը: Թէ ի՞նչ ուղղութեամբ կ՛ընթանան յառաջիկայ քննարկումները, մեծ բան կախեալ է խորհրդարանական մեծամասնութենէն, որ ինքնավերարտադրանքի մեքենականութիւնները պահելու կամ ժողովրդավար եւ արդար նոր ընտրակարգ որդեգրելու անհրաժեշտութեան առջեւ է: Մէկ կողմէ իշխանապահպանման փորձութիւնն է, միւս կողմէ` պետականութեան ամրակայման խնդիրը, որոնք կը դրուին սուր կերպով: Ի վերջոյ թափանցիկ ու արդար ընտրութիւններով ձեւաւորուող իշխանութիւնն է, որուն օրինականութիւնը խնդրոյ առարկայ չի կրնար դառնալ եւ որուն միջազգային հեղինակութիւնը աւելի ամուր հիմերու վրայ դրուած կ՛ըլլայ:
Զուգահեռ` ի՞նչ կը պատահի այսպէս կոչուած արմատական ընդդիմութեան դաշտին մէջ: 1 մարտին պայմանաժամային բովանդակութեամբ յայտարարութիւն կատարողները երկու շաբաթ ետք «մէկ քայլ առջեւ երկու քայլ ետեւ» մարտավարութեան որդեգրումով, պահանջներու տարողութիւնը ձեւափոխելով փորձ կը կատարեն հաւաքուած զանգուածը պահելու եւ «ընդդիմութիւնը բացառապէս մենք ենք»ի կարգախօսով նախընտրական արշաւը շարունակելու: Այսօրուան իշխանութեան մուպարաքացումները պահանջողները կը մոռնան, որ իրենք անգամ մը մուպարաքացուած են արդէն…:
«Արմատական» ընդդիմութեան շարժումներուն եւ յայտարարութիւններուն մէջ երեւցող հակասութիւններու ծաւալը տակաւ կը բազմանայ: Այս արդէն հետեւելի նիւթ է, որովհետեւ յայտնաբար մարտավարական փոփոխութիւններու անունին տակ, ըստ էութեան կեցուածքներու յարափոփոխութեան ականատես պիտի ըլլան դիպաշարին հետեւողները: Կը թուի, թէ արտահերթ ընտրութիւններու պահանջը սպառած նիւթ է Հայաստանի առաջին նախագահին ղեկավարած շարժումին համար եւ թէ խորհրդարան մտնելը եւ իշխանութեան մէջ համապատասխան չափաբաժին ստանձնելը պարզապէս նպատակ է: Պայմանաժամերով խօսիլը, «հիմա՛, հիմա՛» պահանջելը եւ «յետոյ, յետոյ» ակնկալելը այլ եզրակացութեան չեն առաջնորդեր:
Մինչդեռ, Դաշնակցութեան առաջադրածը ընդհանուր համակարգի փոփոխութեան առաջնորդող ուղի է: Այդ ուղիին մեկնարկը ընտրակարգի փոփոխութիւնն է: Այդ պատճառով ալ զուգահեռ աշխատանք կը տարուի թէ՛ հասարակութեան մէջ եւ թէ՛ պետական հաստատութիւններու մէջ: Նոյն հետեւողականութեամբ, նոյն սկզբունքայնութեամբ:
«Ա.»