ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՊՀ-Ի ՄԻՋԿՐՕՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԻՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԵՆ ՀԵՌԱՑՆԵԼՈՒ ԱՐՁԱԿԱԶԷՆՆԵՐԸ

ԱՊՀ-ի Միջկրօնական խորհուրդի հանդիպումէն պահ մը

Երէկ Երեւանի մէջ սկսաւ ԱՊՀ-ի Միջկրօնական խորհուրդի նախագահութեան նիստը, որուն մասնակցելու նպատակով առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան ժամանեց Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ շէյխ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ:

Նիստին շրջագիծին մէջ երէկ եռակողմանի հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, Ազրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի եւ Մոսկուայի ու Համայն Ռուսիոյ  Քիրիլ Ա. պատրիարքի միջեւ, որոնք հանդիպումէն ետք միացեալ յայտարարութիւն մը կատարեցին: Քիրիլ Ա. պատրիարքը ընթերցեց յայտարարութիւնը, որուն մէջ նշուած էր, թէ երեք հոգեւոր առաջնորդները կոչ կ՛ուղղեն ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծէն հեռացնելու արձակազէնները, որպէսզի այլեւս «արիւն չթափի»:

ԱՊՀ-ի Միջկրօնական խորհուրդի նախագահութեան նիստին երէկ մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ ղարաբաղեան խնդիրին: Ան յայտնեց, որ հակասութիւնները եւ խնդիրները պէտք է լուծուին ոչ թէ լարման եւ սպառնալիքներու մեծացման, այլ հանդիպումներու, բանակցութիւններու եւ համագործակցութեան միջոցով:

«Մենք պատրաստ եղած ենք առաջինը երկարելու բարեկամութիւն առաջարկող ձեռքը` նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ վստահութիւն չունէինք, որ համարժէք պատասխան պիտի ստանանք: Այսպիսի դժուար որոշումներ տալէ ետք հիասթափութիւնը յուսահատեցնող կրնայ ըլլալ: Տեղեակ էք, որ մեր մեծ ցաւը Արցախն է` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը: Ըսած խօսքերս նախ եւ առաջ այդ խնդիրին մասին էին», յայտնեց Հայաստանի նախագահը:

Ըստ Սերժ Սարգսեանի, տագնապը լուծելու միակ իրատեսական ուղին Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ ընթացող խաղաղ բանակցութիւններու հոլովոյթն է, եւ Հայաստան հետեւողականօրէն պիտի շարժի այդ ճամբով, քանի որ անոր այլընտրանքը ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ ալ դրացի երկրի ժողովուրդին որեւէ բարիք կը խոստանայ: Հայաստանի նախագահը նշեց, որ տագնապին կրօնական երանգաւորումներ տալու բոլոր փորձերը ապակառուցողական են: Ըստ անոր, կարելի չէ թոյլ տալ, որ երկու մեծ կրօնները` քրիստոնէութիւնը եւ մահմետականութիւնը, զորս երկու ժողովուրդները կը դաւանին, փորձել իրարու հակադրել: Ան անընդունելի նկատեց նաեւ տագնապի քողին տակ պատմամշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան յուշարձանները ոչնչացնելու գործողութիւնները: «Այս կարեւորագոյն լսարանին առջեւ Հայաստանի անունով կը վերահաստատեմ բոլոր այսպիսի արժէքները պահպանելու եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, մեր յանձնառութիւնը վերականգնելու», ըսաւ Սերժ Սարգսեան:

Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ  Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ նոյնպէս անդրադարձաւ ղարաբաղեան տագնապին: Սակայն, նախագահ Սերժ Սարգսեան` Փաշազատէի ելոյթէն առաջ, երբ խօսքը տակաւին անոր չէր տրուած, հեռացաւ սրահէն: Նիստը վարող Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Ա. պատրիարքը յայտարարեց, որ նախագահը հանդիպումներ ունի եւ այդ պատճառով չի կրնար մինչեւ նիստին աւարտը ներկայ գտնուիլ: Ազրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդը յայտարարեց, որ դժբախտաբար այսօր իրականութիւնը այն է, որ ԱՊՀ-ի տարածքին, ներառեալ Կովկասի մէջ միլիոնաւոր մարդիկ ստիպուած են գաղթականի կարգավիճակով ապրիլ:

«Մենք ամբողջութեամբ կը սատարենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երկիրներու ղեկավարներուն եւ մեր պետութիւններու նախագահներուն ջանքերուն: Միաժամանակ, դժբախտաբար, պէտք է նշել, որ մինչեւ այսօր չէ գործադրուած ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի յայտնի բանաձեւը, եւ Մինսքի խմբակի համանախագահներու երկարամեայ ջանքերն ալ իրական արդիւնք չեն տուած», յայտնեց Ազրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդը:

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ՌՈՒՍԻՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Ա. պատրիարքը եւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:

Նախագահը ողջունեց Քիրիլ Ա. պատրիարքի գլխաւորած Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ պատուիրակութեան Հայաստան այցելութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ ատիկա ծառայէ Հայաստանեայց առաքելական եւ Ռուս ուղղափառ եկեղեցիներուն միջեւ եղբայրական յարաբերութիւններու յաւելեալ ամրապնդման:

Նախագահ Սարգսեան բարձր գնահատեց Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Ա. պատրիարքի ջանքերը` ուղղուած հասարակութեան մէջ բարոյականութեան եւ հոգեւոր արժէքներու ամրապնդման: Ըստ նախագահին, Քիրիլ Ա. պատրիարքի կեանքը եւ գործունէութիւնը հայրենիքին եւ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ ծառայելու շատ լաւ օրինակ են:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի երէկուան հրամանագիրով` Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ժողովուրդներու աւանդական բարեկամութեան խորացման, Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ եւ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ միջեւ կապերու ամրապնդման, հոգեւոր արժէքներու պահպանման եւ զարգացման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար` Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Ա. պատրիարքը պարգեւատրուեցաւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանով:

Հանդիպման ընթացքին նախագահ Սարգսեան պետական պարգեւը յանձնեց Քիրիլ պատրիարքին:

Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ պետը նշեց, որ իրեն համար մեծագոյն հաճոյք է այցելել քրիստոնէութեան հնագոյն օրրան Հայաստան, ուր առաջին անգամը չէ, որ կը հիւրընկալուի: Ան պատահական չնկատեց երէկ սկսած խաղաղասիրական հանդիպման կայացումը Հայաստանի մէջ, քանի որ Ամենայն հայոց Գարեգին կաթողիկոսը կը հանդիսանայ ԱՊՀ-ի Միջկրօնական խորհուրդի համահիմնադիրներէն մէկը:

 

Share this Article
CATEGORIES