ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 9-ՐԴ ՄԱՐԱԹՈՆ ԼԵՒՈՆ ԹԱՇՃԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ 5-ՐԴ
Կիրակի, 27 նոյեմբեր 2011-ին տեղի ունեցաւ Պէյրութի միջազգային 9-րդ Մարաթոնը: Մարզական տօնահանդէս էր այս դէպքը ժողովուրդին համար: Սոյն մարաթոնին կը մասնակցէին 82 երկիրներէ ժամանած աւելի քան 31 հազար երկսեռ մարզիկներ:
Այս տարի նաեւ շատ էր թիւը մասնակից հայ մարզիկներուն:
ՀՄԸՄ-ական Լեւոն Թաշճեան (Այնճար) կը մասնակցէր 42,195 քմ վազքին: Վազքը սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 7:00-ին` «Պիել»-ին դիմացէն: Մարզիկները իրենց վազքով շրջագայեցան ամբողջ Պէյրութն ու արուարձանները: Երբ Լեւոն Թաշճեան կ՛անցնէր Պուրճ Համուտէն, ՀՄԸՄ-ի սկաուտները ճանչնալով զինք սկաուտական կանչերով ու ծափով դիմաւորեցին ու քաջալերեցին: Սկաուտներու խանդավառութեան միացան նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հայ ոստիկանները: Միջազգային այս մարաթոնը բացառիկ կազմակերպութեամբ ու օրինաւորութեամբ ուշագրաւ էր այս տարի: Մարաթոնը վերջ գտաւ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին մօտ: Լեւոն Թաշճեան իր տարիքային խմբաւորման մէջ հանդիսացաւ 9-րդ, իսկ լիբանանցի մարզիկներուն մէջ ան գրաւեց 5-րդ դիրքը` արձանագրելով 4 ժամ 50 վայրկեան արդիւնք մը: