ՍԷՅՖ ԷԼ ԻՍԼԱՄԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻՊԻՈՅ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

Լիպիոյ փոխանցման շրջանի կառավարութիւնը կը հաւաստէ, որ Սէյֆ էլ Իսլամ արդար դատավարութիւն պիտի ստանայ...

Միջազգային քրէական դատարանը ընդունեց, որ Սէյֆ էլ Իսլամ Քազզաֆի Լիպիոյ հողին վրայ եւ ոչ թէ Լա Հէյի մէջ դատուի:

Ներկայ դրութեամբ, այնպէս կը թուի, թէ Միջազգային ատեանին ներառումը այս հոլովոյթին նուազագոյն պիտի ըլլայ եւ խորհրդատուական դեր պիտի ունենայ:

Միջազգային քրէական դատարանը Լիպիոյ տապալած ղեկավարին որդին ամբաստանած է փետրուարի ապստամբութեան եւ ատոր յաջորդած 9 ամսուան հակամարտութեան ընթացքին իրականացուցած պատերազմական ոճիրներու յանցանքին համար: Այժմ ընդհանրապէս յայտնի է, որ Սէյֆ էլ Իսլամ ի վերջոյ Լիպիոյ մէջ պիտի դատուի:

Միջազգային դատարանի գլխաւոր դատախազ Լուիզ Մորենօ-Օքամփօ Թրիփոլի այցելութեան ընթացքին ըսաւ. «Միջազգային դատարանին չափանիշը այն է, թէ ատիկա պէտք է ըլլայ արդարադատական հոլովոյթ մը, որ կազմակերպուած չէ կասկածեալը պաշտպանելու համար… եւ ես կը յարգեմ այն տեսակէտը, որ պարագաները պէտք է Լիպիոյ մէջ դատուին: Ես առարկութիւն չունիմ»:

Օքամփօ աւելի ուշ աւելցուց, որ իր գործը չէ լիպիացի պաշտօնատարներուն ըսելը, թէ արդար դատավարութիւն մը ինչպէ՛ս պէտք է կայացնեն:

«Բազմաթիւ տարբեր աւանդութիւններ կան, դժուար է ըսելը, թէ ի՛նչն է արդարը», ըսաւ ան:

ՄԵՂԱԴՐՈՒԵԼՈՒ ՔԱՈՒՆԹՏԱՈՒՆԸ

Մորենօ Օքամփօ կ՛ըսէ, թէ իր հետաքննիչները կը շարունակեն ապացոյցներ հաւաքել:

Շատեր պիտի պնդեն, թէ ատիկա արդար յայտարարութիւն է: Իրականութեան մէջ լիպիացիները ընդհանրապէս չեն հասկնար, թէ ինչո՛ւ դատավարութիւնը արդար կայացնելու Լիպիոյ կարողութեան վերաբերեալ հարցը կ՛արծարծեն մարդկային իրաւունքներու խումբերը:

Լիպիոյ մէջ շատերու համար հարցը այն չէ, թէ Սէյֆ էլ Իսլամ մեղաւո՞ր է, թէ՞ ոչ. այլ այն է, թէ մեղաւորութեան դատավճիռը ե՞րբ պիտի արձակուի: Ատիկա արդէն կարծէք թէ արդարութեան վրիպակ, վիժում է. բայց անոնց համար, որոնք ուղղակի ազդուեցան անոր հօր ճնշող եւ արիւնալի վարչակարգէն, մեղաւոր ճանչցուելու մասին վճիռը հիմնականին մէջ կատարուած իրողութիւն է:

Այսպիսի անձնաւորութեան մը դատավարութեան մէջ, սակայն, աւելի մեծ հարցումը այն է, թէ արդեօ՞ք Սէյֆ էլ Իսլամի դէմ ուղղուած ամբաստանութիւնները կրնան ապացուցուիլ ատեանին մէջ: Ասիկա խնդիր մըն է, որ կրնայ նկատի առնուիլ միայն այն ատեն, երբ անոր դէմ փաստերը բացայայտուին:

Սէյֆ էլ Իսլամի հռետորաբանութիւնը անշուշտ թշնամական էր ապստամբութեան ժամանակ, բայց ապացուցելը, թէ ինք պատերազմի  ընթացքին հրահանգներ տուած է Քազզաֆիի կողմնակից ուժերուն, ամբողջովին տարբեր հարց է:

ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ԽԱՂԱՑՈՂԸ

Լիպիոյ անցումային շրջանի իշխանութիւնները վստահ են, որ Սէյֆ էլ Իսլամ թափանցիկ եւ արդար պիտի դատուի Լիպիոյ մէջ: Բայց բազմաթիւ լիպիացիներու համար ապստամբութիւնը ճնշելու, ճզմելու փորձին մէջ անոր դերակատարութիւնը հարցական չէ: Մեծ մասը համոզուած է, որ ան առանցքային խաղացողն էր, եւ շատեր կը կարծեն, թէ մահավճիռէն նուազ որեւէ բան բաւարար չէ:

Կ՛ակնկալուի, որ անոր դատավարութիւնը հանգստացնէ բնակչութիւնը, որ յուսահատօրէն կը ձգտի անոր հօր վայրագ վարչակարգի էջափակման:

Սակայն անցումային շրջանի պաշտօնատարներուն համար, որոնք այժմ կը կառավարեն երկիրը, գրաւը աւելի է:

Հարցը միայն տապալած ղեկավարի մը որդին դատական հետապնդումի հոլովոյթին ենթարկելը չէ, այլ Քազզաֆիի կողմնակից ուժերէն հազարաւոր արգելափակեալներն ու ենթադրեալ օտար վարձկանները, որոնք անոնց կողքին կռուեցան:

Լիպիական արդարադատութիւնը, երբ կրկին սկսի գործել, հազարաւոր դատական հայցերով պիտի զբաղի: Թէ ինչպէ՛ս պիտի ընէ, ատիկա առանցքային պիտի ըլլայ հաստատելու համար օրէնքի գերակայութեան չափանիշները, ուր փաստերն ու վկաները, այլ ոչ թէ բամբասանքները վճռորոշ դերակատարութիւն պիտի ունենան:

Լիպիոյ նոր վարչապետ Ապտուրահիմ էլ Քէյպ որքան ալ դրական թուի Սէյֆ էլ Իսլամի դատավարութիւնը կայացնելու կարողութեան մասին, հարցին իրականութիւնը այն է, որ ատիկա իր տեսակին մէջ Լիպիոյ մէջ տեղի ունենալիք առաջին դատավարութիւնը պիտի ըլլայ: Նոր իշխանութիւններուն եւ դատական համակարգին համար ասիկա նոր գետին մըն է:

ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ՀՈԼՈՎՈՅԹ

Արիւնալի հակամարտութեամբ տապալած 42-ամեայ բռնապետութենէն ետք, Լիպիոյ անցումային ժամանակաշրջանին մէջ բազմաթիւ անորոշ, անծանօթ բաներ կան:

Թէեւ նոր կառավարութիւն մը կազմուած է, սակայն վերջին շարժումը առաջին քայլն է քաղաքական երկարատեւ հոլովոյթի մը մէջ: Ատոր գլխաւոր առաքելութիւնը այն է, թէ զինուորականութիւնը ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ կարելի է կեդրոնացնել, նկատի ունենալով, որ երկրին մէջ ծնունդ առած են քանի մը հզօր գումարտակներ եւ անզուսպ զինեալ խմբաւորումներ:

Անոնք բոլորը ամիսներ շարունակ պայքարեցան ընդհանուր թշնամիի մը դէմ, բայց երբ պատերազմի աւերակները կը մաքրուին, հետքերը կը ջնջուին, անոնց ուժերը պէտք է համախմբուին մէկ հրամանատարութեան տակ (առաքելութիւն մը ,որ ցարդ ապացուցած է, որ դժուար իրագործելի է Ազգային անցումային խորհուրդին համար:

Սէյֆ էլ Իսլամ ձերբակալուեցաւ Զինտան գունդին կողմէ (Զինտանը Լիպիոյ արեւմուտքը գտնուող լեռնային աւան մըն է): Ան հոն արգելափակուեցաւ տեղւոյն հրամանատարին հսկողութեան տակ եւ յայտնի չէ, թէ ինչո՞ւ: Օսամա Ժուալի` տեղական հրամանատար մը Զինտանէն, Լիպիոյ անցումային կառավարութեան մէջ պաշտպանութեան նախարար նշանակուեցաւ:

ԱՐՀԱՄԱՐՀԱՆՔՈՎ ԴԻՏՈՒԱԾ

Բայց ձերբակալուելէն ժամեր ետք, ան արդէն կորսնցուցած էր քանի մը մատ

Լիպիոյ դատական համակարգը քաոսային վիճակի մէջ չէ, բայց խանգարուած է:

Մուամմար Քազզաֆիի բռնապետութեան տակ եղած բոլոր միւս հաստատութիւններուն մնան, ատեանները Լիպիոյ մէջ պարզապէս կը ցոլացնեն զօրավարին երկաթեայ կանոնը, իշխանութիւնը: Ատոնց արհամարհանքով կը նային լիպիացիները, որոնք երկար ատեն հետապնդուած եւ դատուած են այդ ատեաններուն կողմէ, ըստ շատերու` թերի կամ շինծու ապացոյցներով:

Լիպիական դատական համակարգը Քազզաֆիի վարչակարգին ժամանակ ի վերջոյ ճնշումի եւ անարդարութեան գործիք էր:

Այս պատկերը, իրականութիւնն ու ամրատացած հոլովոյթը փոխակերպելը դիւրին պիտի չըլլայ:

Շատեր այստեղ յաճախ կը մատնանշեն, որ` «Լիպիա օրէնքներու երկիր էր», երբ իրենք կը խօսին Քազզաֆիի իշխանութեան նախորդած թագաւորութեան, միապետութեան մասին: Որեւէ նմանութիւն կամ օրէնքի նկատմամբ յարգանք` տասնամեակներու ընթացքին անհետացաւ:

Երկիրը ունի բաւարար իրաւաբաններ եւ դատաւորներ, որոնք կը հասկնան, թէ օրէնքը ի՛նչ է: Խնդիրը շատոնց այդ օրէնքին մեկնաբանութիւնը եղած է:

Անցումային ղեկավարները իրենց յոյսը կը դնեն Լիպիոյ դատական համակարգի վերականգնումին վրայ` իբրեւ արդարադատութեան եւ արդարութեան գործիքի, որուն կարելի է վստահիլ, քանի որ դաժան բռնատիրութեան ստուերը աստիճանաբար կը չքանայ:

ՌԱՆԱ ԺԱՈՒԱՏ

«Պի. Պի. Սի.»

Share this Article
CATEGORIES