ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ` «ՖՈՐԷՅՆ ՓՈԼԻՍԻ»-Ի 100 ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱԿԻՆ ՄԷՋ

Ամերիկեան ազդեցիկ «Ֆորէյն Փոլիսի» ամսագիրը հրապարակած է «100 Համաշխարհային մտաւորականներու» ցուցակ մը, որուն մէջ ներառուած են նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն ու արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն, որոնք կը գրաւեն 16-րդ դիրքը:

«100 Համաշխարհային մտաւորականներու» ցուցակին մէջ ներառուած են նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզին, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը եւ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնը:

Ամսագիրին մէջ զետեղուած Թուրքիոյ վարչապետի եւ արտաքին գործոց նախարարի լուսանկարներուն տակ նշուած է, որ Էրտողան եւ Տաւութօղլու ջանք չեն խնայեր Թուրքիան շրջանային հզօր ուժի վերածելու:

 

Share this Article
CATEGORIES