ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԺՈՂՈՎ
Այս շաբաթ գումարած իր հերթական ժողովին ընթացքին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները, հրապարակեց այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք ախոյեանութեան մրցումներուն յայտագիրը:
Ֆետերասիոնը շնորհակալութիւն յայտնեց Հասան Հըժէյժի, Թալալ Մաքտեսիի եւ Իմատ Ժումաայի, որոնք Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին 31 հազարական ամերիկեան տոլար նուիրեցին: Այդ 93 հազար ամերիկեան տոլարը պիտի յատկացուի մարզիկներուն, պատասխանատուներուն եւ մարզիչներուն, այսինքն` անոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի ստանայ 3 հազար ամերիկեան տոլար:
Անոնք այդ նուիրատուութիւնը կատարեցին շնորհիւ Հարաւային Քորէայի դէմ արձանագրուած (2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարք) պատմական յաղթանակին:
Ինչ կը վերաբերի այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը շաբաթ, 3 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 2:15-ին, Անսարի դաշտին վրայ պիտի ճակատի Իթթիհատ Հարեթ Նաամէի դէմ: