ԿԱՂԱՆԴԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ` ԿԵՐԹՄԵՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ Հայ աւետարանական Կերթմենեան վարժարանի, երէկ` հինգշաբթի, 1 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած Կաղանդի տօնավաճառի բացումը: Ցուցադրուած էին ձեռային աշխատանքներ, ձեռագործներ, խաղալիքներ, ուտելիքներ, զարդեղէններ եւ այլն:

Ուսուցիչներ եւ 6-րդ դասարանի աշակերտներ լծուած էին աշխատանքի. իւրաքանչիւրը ստանձնած էր իրեն վստահուած տաղաւարը, որպէսզի վաճառէ ցուցադրուած առարկաները: Ցուցահանդէս այցելողներուն մէջ էր նաեւ ճարտարարուեստի նախկին նախարար Աբրահամ Տէտէեան, որ բարձր գնահատեց կատարուած աշխատանքը եւ մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ:

Յայտնենք, որ տօնավաճառը բաց է նաեւ այսօր` ուրբաթ, 2 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00:

 

 

Share this Article
CATEGORIES