ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՕՍԵԹԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՄԵՐԺԵՑ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐԻ ՎԵՐՋՆԱԳԻՐԸ

Ընդդիմադիր ցուցարարներ` Խինվալիի մէջ

Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հարաւային Օսեթիոյ նախագահ Էդուարդ Քոքոյթի յայտարարած է, որ կը մերժէ նախագահական ընտրութեան ընթացքին յաղթանակ արձանագրած ընդդիմութեան ղեկավար Ալլա Զիոյեւայի ներկայացուցած վերջնագիրը: «Ես վերջնագիրներ չեմ ընդունիր», ըսած է ան:

Զիոյեւա իր ներկայացուցիչներուն միջոցով Քոքոյթիին «վերջնագիր» ներկայացուցած էր` պահանջելով մինչեւ երէկ կէսօրէ ետք ժամը վեց ընդունիլ նախագահական ընտրութեան իր յաղթանակը:

Այդ պայմանաժամի աւարտէն ետք ընդդիմադիր օսերը մայրաքաղաք Ցխինվալիի հրապարակին վրայ բողոքի ցոյցի սկսան` բացագանչելով «ազատութիւն», «արդարութիւն»:

Հակառակ Գերագոյն դատարանի որոշումին, Ալլա Զիոյեւա չորեքշաբթի օր ինքզինք Հարաւային Օսեթիոյ նախագահ հռչակած էր:

Հարաւային Օսեթիոյ Գերագոյն դատարանի նախագահը յայտարարած էր, որ ընդդիմադիր թեկնածու Ալլա Զիոյեւա պիտի չկարենայ մասնակցիլ երկրին մէջ կրկին կայանալիք ընտրութեան: Իսկ ընտրութիւնը կրկին կայացնելու որոշումը որդեգրուած էր այն բանէն ետք, երբ 27 նոյեմբերին կայացած ընտրութիւնները անվաւեր նկատուեցան:

Դատարանի նախագահը յայտարարած էր, որ ընտրութիւնները չեղեալ յայտարարուած են ինքնին Զիոյեւայի կողմէ կատարուած խախտումներուն պատճառով, ուստի ան կը զրկուի նախագահական ընտրութեան մէջ երկրորդ անգամ իր թեկնածութիւնը առաջադրելու իրաւունքէն:

 

Share this Article
CATEGORIES