ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՀԱՐՈՒԱԾԵԼՈՒ ԻՐԱՆԵԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏՆԱԾ Է ՍԱԼԵՀԻԻՆ

Սալեհի եւ Տաւութօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիին յայտնած է Անգարայի մտահոգութիւնը  վերջերս իրանցի բարձրաստիճան զինուորականի մը կողմէ հնչած այն յայտարարութեան առնչութեամբ, թէ սպառնալիքի ենթարկուելու պարագային Թեհրան Թուրքիոյ մէջ զետեղուած ՕԹԱՆ-ի հակահրթիռային վահանի համակարգի տարրերը պիտի հարուածէ:

ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը յայտնած է, որ Տաւութօղլու Ժետտայի մէջ գումարուած Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ժողովին ծիրին մէջ թրքական այս մտահոգութիւնը «բերանացի» յայտնած է իր իրանցի պաշտօնակից` Սալեհիին:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար Ամիր Ալի Հաճիզատէ վերջերս յայտարարած էր, որ Թեհրան զինուորական գործողութեան մը սպառնալիքը դիմագրաւելու պարագային Թուրքիոյ մէջ զետեղուած ՕԹԱՆ-ի հակահրթիռային վահանի տարրերը պիտի հարուածէ:

 

Share this Article
CATEGORIES