ԿԻՒԼՊՈՒՏԱՂԵԱՆՑ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՇԽԱՏԻԼ ԻՄՓՈՒԼՍԻ ՀԵՏ
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի կազմերէն Դիլիջանի Իմփուլսը 5 տարիով երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը իր գլխաւոր մարզիչին` Արմէն Կիւլպուտաղեանցի հետ, կը յայտնէ Armsport.am, այդ մէկը տեղեկանալով ակումբին մամլոյ քարտուղարութենէն: Ան Իմփուլսի մարզիչ նշանակուած էր 2009-ին:
5 տարիով երկարաձգուեցան նաեւ գլխաւոր մարզիչի օգնական Արա Նիկոյեանի, բերդապահներու մարզիչ Ստեփան Դեմիրճեանի, Իմփուլս-2-ի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Սանամեանի եւ անոր օգնականին` Սամուէլ Պօղոսեանի պայմանագրութիւնները:
CATEGORIES Մարզական

