ԸՍՏ ՆԱԽՆԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆՆԵՐԸ` ՅԱՌԱՋԱՏԱՐ

Եգիպտացի քուէարկող մը

Երէկ երեկոյեան ժամը 10:30-ի տուեալներով, եգիպտական խորհրդարանական ընտրութեանց նախնական պաշտօնական արդիւնքները ցոյց տուին, թէ Իսլամ եղբայրները ապահոված են քուէներուն 40 առ հարիւրը, իսկ սալաֆական Նուր կուսակցութիւնը` 20 առ հարիւրը: Մասնակցութեան համեմատութիւնը աննախադէպ 62 առ հարիւր է:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտնեց, որ «եգիպտական խորհրդարանական ընտրութիւններուն առաջին հանգրուանին ընթացքին քուէարկութիւնը մեծապէս քաջալերական է, եւ ամբողջ աշխարհը հիացաւ Եգիպտոսի մէջ քուէարկութեան խաղաղ ընթացքով»:

Ան ըսաւ, որ Ուաշինկթըն կ՛ակնկալէ, որ այս ընթացքը շարունակուի, «որովհետեւ այս է Եգիպտոսի եւ եգիպտացի ժողովուրդին գծած ուղին: Ասիկա դժուար առաքելութիւն է»: Անդրադառնալով Իսլամ եղբայրներու եւ ամերիկեան վարչակազմին միջեւ երկխօսութեան կարելիութեան` Թոնըր յայտնեց, որ «մենք այդտեղի մեծաթիւ կուսակցութիւններուն հետ երկխօսութիւնը կը շարունակենք եւ մեր նպատակը ժողովրդավարական հոլովոյթին զօրավիգ կանգնիլն է»: Ան նշեց, որ Ուաշինկթըն Իսլամ եղբայրներու անդամներուն հետ կապեր հաստատած է:

Եգիպտացի վերլուծաբաններ եւ քաղաքագէտներ յայտարարեցին, որ եգիպտացիներուն չափաւորական խառնուածքը զիրենք մղած է խորհրդարանական ընտրութեանց առաջին հանգրուանին իսլամական հոսանքի կուսակցութեանց  քուէարկելու:

Քանաթ Սուէյզ համալսարանի մէջ քաղաքական գիտութեան դասախօս դոկտ. Ժամալ Զահրան «Խալիժ» օրաթերթին յայտնեց, որ եգիպտացիները ընդհանրապէս չափաւորականութեան հակամէտ են եւ որեւէ կողմի կողմնակալութիւն չեն կատարեր ու ոեւէ մէկուն նկատմամբ ամբողջական վստահութիւն չեն ունենար, ուստի ընտրութեան երկրորդ եւ երրորդ հանգրուանի քուէարկութեան պատկերը կրնայ ուրիշ ըլլալ առաջին հանգրուանէն, ուր յստակ է, թէ իսլամական հոսանքը եգիպտական քաղաքական ուրիշ հոսանքներէն աւելի յառաջատար դիրք գրաւած է:

«Ահրամ» քաղաքական եւ ռազմավարական հետազօտութեան կեդրոնին մէջ քաղաքական հարցերու փորձագէտ Ամրօ Շաուպաքի իր կարգին «Խալիժ»-ին յայտնած է, որ առաջին հանգրուանի ցուցանիշները կը հաստատեն, որ իսլամականները հաւանաբար յառաջիկայ խորհրդարանի աթոռներուն մեծամասնութեան տիրանան:

Միւս կողմէ, Եգիպտոսի նախագահական ընտրութեան հաւանական թեկնածուներէն Ամր Մուսա յայտնեց, որ Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդի ղեկավար մարաջախտ Թանթաուիի` 30 յունիսին իշխանութիւնը վերջնականապէս յանձնելու մասին յայտարարութիւնը ժողովուրդին առջեւ ստանձնուած յանձնառութիւն մըն է:

Ան ըսաւ, որ ոմանք պետութեան աշխարհիկութեան վրայ վախ ունին, սակայն այս հարցով վերջին խօսքը կը պատկանի ժողովրդավարութեան: Մուսա զօրակցեցաւ Ազհարի այն յանձնարարականին, թէ Եգիպտոս ժողովրդավար, ազգայնական, սահմանադրական, արդիական պետութիւն մը ըլլայ եւ մերժուի սահմանադրութիւնը գերազանցող սկզբունքներու գաղափարը, որովհետեւ սահմանադրութիւնը օրէնքներուն աղբիւրն է:

 

Share this Article
CATEGORIES