ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ Դ. ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀՄԸՄ ԺՈՒՆԻԷ ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ Գ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Ժունիէ ճակատեցաւ Տար Պաաշթար խումբին դէմ:

Մրցումը աւարտեցաւ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի` 83-62 արդիւնքով:

Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով` 13-15, 27-15, 16-16 եւ 27-16: ՀՄԸՄ-էն Հրակ Գարագաշեան նշանակեց 23 կէտ, իսկ Օհաննէս Շիտիաք` 20 կէտ:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք ՀՄԸՄ Ժունիէ ապահովեց Գ. դասակարգի իր տոմսը: Անոր կը մնայ վերջին մրցում մը` վճռելու համար Դ. դասակարգի ախոյեանին անունը:

 

Share this Article
CATEGORIES