ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ֆրանսական իշխանութեանց եւ Ֆրանսայի հանրային կարծիքին ուղղուած հաղորդագրութեամբ մը, Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակը խստիւ դատապարտեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` Սուրիոյ թղթածրարի քննարկումներուն Թուրքիան հրաւիրելու առաջարկին համար:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Թուրքիա ոչ մէկ վարկ ունի այլոց ժողովրդավարութեան դասեր տալու իմաստով, եւ թէ սուրիացի ժողովուրդը Թուրքիոյ ո՛ր չափանիշներով կրնայ առաջնորդուիլ, երբ Թուրքիա ի՛նք կարիք ունի ժողովրդավարութեան դասընթացքի:

Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակը հարց կու տայ, թէ Ֆրանսա ինչպէ՞ս կրնայ Թուրքիան ներգրաւել այս հոլովոյթին մէջ, երբ ան գրաւած կը պահէ հիւսիսային Կիպրոսը, շրջափակուած կը պահէ Հայաստանը, ներքին առումով կը բռնաբարէ մարդկային բոլո՛ր իրաւունքները եւ մասամբ նորին, աւելի՛ն, երբ ան խնդիր ունի նոյնինքն Սուրիոյ հետ` Ալեքսանտրէթի հարցով, ու հիմա ան ինչպէ՞ս կրնայ միաժամանակ ըլլալ հաշուետու եւ հաշուէառ:

«Կը դատապարտենք արտաքին գործոց նախարարութեան որդեգրած այս քաղաքականութիւնը: Անգարա ոչ մէկ վարկ ունի Դամասկոսի ժողովրդավարութեան դասեր տալու առումով, ընդհակառակն` ի՛նք կարիք ունի ժողովրդավարական դասերու, հետեւաբար անհասկնալի է ֆրանսական շռայլութիւնը անոր նկատմամբ», կ՛եզրակացուի հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES