ՃՈՐՃ ԱԲԵԼԵԱՆ ՈՉ ԵՒՍ Է
«Ազդակ»ի տնօրէնութիւնն ու խմբագրակազմը կը գուժեն թերթին երկար տարիներու աշխատակից, գրող, «Ձիւնական» գրչանունով ստորագրող Ճորճ Աբելեանի մահը։ «Ազդակ» երեքշաբթի օրուան թիւով կ՛անդրադառնայ իր աշխատակիցին կեանքին ու գործունէութեան։ Յուղարկաւորութիւնը՝ կիրակի 4 դեկտեմբերին կէսօրէ ետք ժամը 2ին, Այնճարի Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ։
CATEGORIES Գաղութային

