ԼՕԽ-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ «ԿԱՄԱՒՈՐԻ ՕՐ»-ՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ. «ՊԷՏՔ Է ԿԵԴՐՈՆԱՆԱՆՔ ԿԱՄԱՒՈՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ ԴԻՄԱՑ ՑՑՈՒՈՂ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ» ԸՆԴԳԾԵՑ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի քարոզչական յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, շաբաթ, 3 դեկտեմբերի առաւօտուն, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կամաւորներու օր»-ուան նուիրուած ձեռնարկ մը:

Ներկայութեամբ Գեղամ արք. Խաչերեանի, ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքի բարեկամներուն ու բազմաթիւ ԼՕԽ-ականներու, Գարմէն Ֆեսլեան ձեռնարկը կազմակերպած ԼՕԽ-ի քարոզչական յանձնախումբին անունով ողջունեց ներկաները` նշելով սոյն հանդիսութեան նպատակն ու իմաստը: «Կամաւոր գործիչներ իրենց յօժար աշխատանքով մեծ ներդրում կը կատարեն ի նպաստ մարդկութեան», շեշտեց Գարմէն Ֆեսլեան` ներկայացնելով կամաւոր աշխատանքին ըմբռնումը հայկական միջավայրին եւ յատկապէս Լիբանանահայ օգնութեան խաչին մօտ:

Օրուան առաջին ու գլխաւոր բանախօսն էր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց կամաւոր աշխատանքին ըմբռնումը հայկական կեանքին մէջ` ընդգծելով, որ անիկա սիրայօժար, ինքնաբուխ, ձրի աշխատանք է, զոր մարդ կը կատարէ օգնելու համար տկարին ու անկարին:

Գնահատելով կամաւոր ԼՕԽ-ականներու ներդրումը` Գեղամ սրբազան մտահոգութիւն յայտնեց երիտասարդ տարրերու բացակայութեան գծով: «Մեր կեդրոնացումը պէտք է ըլլայ կամաւոր աշխատանքին դէմ ցցուող դժուարութիւններուն վրայ», յայտնեց առաջնորդ սրբազանը` ընդգծելով, որ կամաւոր աշխատանքը «հոպի» կամ զբաղում չէ եւ հարկ է մտածել վաղուան կամաւորներուն մասին: Ան նաեւ իր վրդովումը յայտնեց կամաւոր ԼՕԽ-ականներու, հայուհիներու յիշատակին կատարուած հոգեհանգստեան արարողութիւններէն պատկան մարմիններու բացակայութեան գծով: «Ձրի բան չկայ, ամէն աշխատանք իր արժէքը ունի, եւ կամաւորը կը վարձատրուի անոր նկատմամբ ցուցաբերուած երախտագիտական զգացումներով», աւելցուց առաջնորդ սրբազանը` շեշտը դնելով այս գծով կարգ մը հիմնական սկզբունքներու վրայ, յատկապէս` մանուկը փոքր տարիքէն կամաւոր աշխատանքի վարժեցնելու կարեւորութեան վրայ:

Ապա խօսք առաւ ԼՕԽ-ի վեթերան անդամներէն` ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Տիգի Թորիկեան, որ բացատրեց կամաւոր աշխատանքին իմաստն ու ըմբռնումը` յաչս օտար հանրային կարծիքին, յատկապէս` ՄԱԿ-ին, որ այս առիթով յատուկ «օր» յատկացուցած է: Տիգի Թորիկեան «Կամաւորներու օր»-ուան հաստատման եւ անոր յաջորդած պայմաններու հակիրճ պատմականը կատարելով ընդգծեց, որ «կամաւոր աշխատանքը մոլութիւն է»: Թորիկեան կամաւոր աշխատանքի բացատրութեան համար մէջբերումներ կատարեց «Առձեռն Հայկազեան» բառարանէն:

«Կամաւորը վարձատրութիւն չի ստանար, բայց ի՞նչ կը սպասէ` քաջալերանք, երախտագիտական արտայայտութիւն», շարունակեց Թորիկեան եւ աւելցուց. «Ինծի համար ԼՕԽ-ի կամաւորները թանկագին ուժ մըն են, որովհետեւ ինչ որ կը կատարուի անոնց կողմէ ծերին թէ երեխային` կարելի չէ բառերով նկարագրել…»:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Յակոբ Հանտեան, որ բարձր գնահատեց գործը կամաւորներուն, յատկապէս` հայ կամաւորներուն, որոնց արգասիքն էր 28 մայիս 1928-ին Գահիրէի մէջ Համազգային մշակութային ընկերութեան հիմնումը: Շեշտելով, որ մեր միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն անդամները կամաւորներ են, Հանտեան ընդգծեց հայ մարդուժի պակասը մերօրեայ պայմաններուն մէջ: «Անձնական օրինակով ներգրաւենք նոր կամաւոր տարրեր, պայքարինք նորելուկ աղանդներուն դէմ, երիտասարդութիւնը համախմբենք մեր ազգային եկեղեցւոյ շուրջ, ակումբները պէտք է վերակենսաւորուին ու ընդգրկեն մեր զաւակներուն մեծ մասը», ընդգծեց Հանտեան: «Կեանքը պայքար է ու միայն պայքարով կը հասնինք մեր նպատակներուն», շեշտեց ան:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Յակոբ Քէշիշեան, որ իր կարգին վեր առաւ հայ կամաւորին դերը` ընդգծելով, որ կամաւոր աշխատանքը զոհաբերութեան արտայայտութիւն է, առաքինութիւն է, վսեմ նպատակ է: «Պարսկերէնով կամաւոր կը նշանակէ «ֆիտայի», ու մեր կամաւորները ֆիտայիներ էին, որոնք ազատագրեցին մեր հողերը եւ սփիւռքի մէջ հիմնեցին մեր ազգային կառոյցները, որոնց կարգին` ՀՄԸՄ-ը: Եթէ մեր միութիւնները հիմնուեցան տխուր առիթներու եւ պայմաններու բերումով, անոնց գործունէութիւնը սակայն լեցուն է հպարտառիթ դէպքերով», ընդգծեց Յակոբ Քէշիշեան:

Նշենք, որ ձեռնարկի ընթացքին անջատ ելոյթներով ջութակի վրայ հանդէս եկան Դալար Մանճեան եւ Մարինա Հալաճեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES