ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԸ
Երեքշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2011-ի երեկոյեան, աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի միջեւ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան, ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին եւ յատկապէս Սուրիոյ դէպքերուն, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան գծով Միացեալ Նահանգներու մօտեցման առնչուած հարցեր:
CATEGORIES Գաղութային