«ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԱԿԱՍԷ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳԾՈՎ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԿԵՑՈՒԱԾՔԻՆ» ՅԱՅՏՆԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԻՆ

Արամ Ա. կաթողիկոս` Կութէյրոնի հետ հանդիպման ընթացքին

Երկուշաբթի, 5 դեկտեմբերի առաւօտեան հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Ֆրանսայի վարչապետի ներկայացուցիչ Ատրիեն Կութէյրոնի միջեւ:  Վարչապետին ներկայացուցիչը Եգիպտոսէն ետք այցելած էր Լիբանան` աւելի մօտէն ծանօթանալու շրջանին մէջ տեղի ունեցող անցուդարձերուն եւ այդ ծիրին մէջ` քրիստոնեայ համայնքներու տեսակէտներուն:

Արամ Ա. կաթողիկոս լայնօրէն բացատրեց իր տեսակէտը Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող շարժումներուն ու փոփոխութիւններուն նկատմամբ` յատկապէս ծանրանալով քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վրայ: Վեհափառը ըսաւ, թէ «վարչակարգի փոփոխութիւնը պէտք չէ նկատել իբրեւ վախճանական նպատակ, այլ` շօշափելի քայլ մը դէպի ժողովրդավարութիւն առաջնորդող: Սակայն երբ ժողովրդավարութիւնը պիտի հիմնուի իսլամական բացարձակ սկզբունքներու վրայ, ան կրնայ լուրջ դժուարութիւններու դիմաց դնել քրիստոնեայ համայնքները: Յարգելով հանդերձ իսլամ մեծամասնութեան կրօնական սկզբունքները` անոնք պէտք չէ ըլլան ի հեճուկս քրիստոնեայ համայնքներու քաղաքական կեանքին ամբողջական մասնակցութեան: Այլ խօսքով, ժողովրդավարական սկզբունքները եւ անոնց վրայ հիմնուած քաղաքական դրութիւնը պէտք է համահաւասար մօտեցում որդեգրեն բոլոր քաղաքացիներու պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն նկատմամբ»:

Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառը այս հանգրուանին կարեւոր նկատեց Եւրոպայի զօրակցութիւնը քրիստոնեայ համայնքներուն նկատմամբ: Ան ըսաւ, որ «պատմական, մշակութային ու կրօնական խորունկ կապեր գոյութիւն ունին Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն եւ Եւրոպայի միջեւ: Ժամանակն է, որ առանց միջամտելու շրջանի երկիրներու ներքին կեանքին, Եւրոպան լրջօրէն յիշեցնէ, որ ժողովրդավարութեան ընթացքի մէջ գտնուող Միջին Արեւելքը կարեւորութեամբ պէտք է նկատի ունենայ քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքները»:

Անդրադառնալով քրիստոնեայ համայնքներու ներքին կեանքին` վեհափառը շեշտեց քրիստոնէական միասնականութեան շօշափելի արտայայտութիւն տալու հրամայականը: Վեհափառին համաձայն, կարելի է այս նպատակին հասնիլ շարք մը մարզերու մէջ գործակցութիւն յառաջացնելով եկեղեցիներուն միջեւ` շրջանի եկեղեցիներու եւ անոնց սփիւռքին միջեւ յարաբերութիւնը դարձնելով աւելի կազմակերպ, ինչպէս նաեւ միջեկեղեցական գործակցութիւնը աւելի ծաւալելով Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն եւ Եւրոպական եկեղեցիներուն միջեւ:

Վեհափառը նաեւ անդրադարձաւ անցեալ շաբաթ Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցած Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի համաժողովին ու անոր ձեռք ձգած արդիւնքներուն: Բնականաբար, վեհափառը նաեւ պատասխանեց Ֆրանսայի վարչապետին արծարծած կարգ մը հարցերուն:

Ապա վեհափառը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին վերջերս Թուրքիոյ մէջ կատարած յայտարարութեան, ուր կ՛ըսէր, որ «Ֆրանսան պատրաստ է հայերէ ու թուրքերէ բաղկացած յանձնախումբ մը հիւրընկալելու` քննելու համար 1915-ին պատահած ցաւալի դէպքերը»: Վեհափառը յստակօրէն յայտնեց վարչապետի ներկայացուցիչին, թէ նախարարին այս յայտարարութիւնը մեծ վրդովում յառաջացուցած է հայ ժողովուրդին մօտ: «Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, երբ Ֆրանսայի խորհրդարանը եւ վերջին երեք նախագահները պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, երբ Ֆրանսայի նախագահը վերջերս Հայաստանի մէջ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայոց ցեղասպանութեան գծով, նոյն երկրին նախարարը բոլորովին հակառակ յայտարարութիւն մը կը կատարէ Թուրքիոյ մէջ», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս:

Վարչապետին ներկայացուցիչը պատասխանելով վեհափառին յիշեցուց, թէ ինք կը սպասէր վեհափառին կողմէ այս հարցին արծարծումին, եւ իր ամբողջական համակրանքը արտայայտելով հայ ժողովուրդին նկատմամբ, յայտնեց, թէ ճիշդ է, Ֆրանսան ցեղասպանութիւնը ընդունած է, սակայն միւս կողմէ չենք կրնար անտեսել Թուրքիոյ դերը շրջանին մէջ եւ անոր յարաբերութիւնը Եւրոպայի հետ: Այս նիւթին գծով վեհափառին եւ վարչապետի ներկայացուցիչին խօսակցութիւնը շարունակուեցաւ, որուն ընթացքին վեհափառը դարձեալ շեշտեց ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Կութէյրոն այցելեց Նահատակաց յուշարձան եւ իր յարգանքը մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին:

 

Share this Article
CATEGORIES