ԿԻՐԱԿԻ, 18 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻՆ` ՃԱՏՐԱԿԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ` ՖԸՐՆ ՇԸՊՊԵՔԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ Նոթրը Տամ-Ֆըրն Շըպպեք վարժարանին, հովանաւորութեամբ Ֆըրն Շըպպեքի քաղաքապետ Ռեմոն Սըմաանի եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 18 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ ճատրակի Ս. Ծննդեան մրցաշարք մը` վերոնշեալ վարժարանին մէջ:

Տեղի պիտի ունենան երեք դասակարգի մրցումներ` հետեւեալ ձեւով. դասուածներ, չդասուածներ եւ 16 տարեկանէն վար: Բնականաբար, վերջին դասակարգը իր կարգին պիտի բաժնուի քանի մը դասակարգերու, նայած մրցաշարքին մասնակցողներուն թիւին:

Ժամը 18:00-ին տեղի պիտի ունենայ բաժակներու եւ մետալներու տուչութիւն:

Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին այս մրցաշարքին մասնակցիլ, կրնան կապ հաստատել կազմակերպիչ Էլի Խէյրալլայի հետ` հեռաձայնելով 03-883225 թիւին:

Share this Article
CATEGORIES