ՀԲԸՄ-Ի «ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ. ԴՈԿՏ. ՄՈՎՍԷՍ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆԻ ՆՈՒԻՐԱԾ ԵՐԵՍՈՒՆ ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան իր խօսքը կ՛ուղղէ ներկաներուն

Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Մշակութային մարմինին, երէկ` չորեքշաբթի, 23 մարտ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Նոազ արք» ցուցասրահի սեփականատէր դոկտ. Մովսէս Հերկելեանի եւ իր ընտանիքին նուիրած գեղանկարներու ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը:

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Անիթա Լիպիար, որ նշեց, թէ այս ձեռնարկը ՀԲԸՄ-ի բազմաբնոյթ նախաձեռնութիւններէն մէկն է, որ կը միտի արուեստին ընդմէջէն կրթական ֆոնտին նպաստներ ապահովել: Ան մեծապէս գնահատեց արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեանի եւ իր ընտանիքին գեղանկարներ նուիրելու մօտեցումը, որ պիտի նպաստէ միութեան յառաջիկայ գործունէութեան:

Ապա խօսք առաւ դոկտ. Մովսէս Հերկելեան, որ ըսաւ, թէ իր ուսումնական շրջանին նիւթական օժանդակութիւն ստացած է ՀԲԸՄ-էն, երբ 1979-ին Տիթրոյիթի մէջ հանդիպած է Ալեք Մանուկեանին: Ան հաստատեց, որ «այս զօրակցութիւնը նիւթականին կողքին նաեւ բարոյապէս նպաստեց, որ յաւելեալ թափով ու նուիրումով շարունակեմ ուսումս ու ուսումնասիրական աշխատանքներս»:

Հերկելեան ըսաւ, որ երեք տասնամեակներ ետք, ան այսօր ՀԲԸՄ-ին կը նուիրէ «Նոազ արք» ցուցասրահի հաւաքածոյէն երեսուն գեղանկարներ` իբրեւ երախտիքի արտայայտութիւն: Իր խօսքի աւարտին, դոկտ. Մովսէս Հերկելեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին այս ցուցահանդէսին յաջողութեան:

Ապա Սեդա Տեմիրճեան եւ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքին անունով Ժիրայր Թիւֆենքճեան յուշանուէր մը յանձնեցին դոկտ. Մովսէս Հերկելեանին:

Ցուցադրուած գեղանկարներուն հեղինակներն են Սուրէնը, Վահրամը, Վահան Ռումելեանը, Էդիկ Բերդեանը, Դաւիթը եւ Եուրոզը, որոնց գեղանկարները տարբեր բնոյթներ կը կրեն եւ բազմատեսակ նիւթեր ունին: Այդ գեղանկարներուն մէջ կարելի է գտնել իգական սէրը, բնութեան տարրերը, եղանակները, կրկէսը, գոյները, վերացականութիւնը…

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ կիրակի, 27  մարտ 2011, ամէն օր առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

 

Share this Article
CATEGORIES