«ՌՈՒՍԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԵՐԿՈՒՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՓՈՒԹԻՆ
Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին հերքեց այն պնդումները, թէ Ռուսիոյ իշխանութեան արտաքին քաղաքականութիւնը երկդիմի է:
Փութին երեքշաբթի օր քննադատած էր Լիպիոյ մէջ արեւմտեան երկիրներու զինուորական գործողութիւնը` զայն համեմատելով խաչակիրներու արշաւանքին հետ: Աւելի ուշ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ հակառակ կարծիք յայտնած էր` հաւանութիւն տալով Լիպիոյ նկատմամբ զինուորական գործողութիւններուն:
Սլովենիոյ մայրաքաղաք Լիւպլիանայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Փութին յայտարարած է, որ Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը կը վարէ երկրին նախագահը, եւ որեւէ երկուութեան մասին խօսք չի կրնար ըլլալ: «Մենք նախագահին մտերիմ ենք եւ կը հասկնանք զիրար», ըսած է Փութին:
Նախապէս Փութինի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով հերքած էր այն պնդումները, թէ երկրի նախագահին եւ վարչապետին միջեւ տագնապ կայ: Փեսքով յայտարարած էր, որ Փութին Լիպիոյ վերաբերեալ իր անձնական կարծիքը յայտնած է, իսկ Ռուսիոյ իշխանութեան պաշտօնական տեսակէտը արտայայտած է երկրին նախագահը: