ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ` ՌԻԱՏԻ ՖԷՅԹՐՈՒՆ – ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երկուշաբթի, 12 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Ռիատի Ֆէյթրուն – ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը: Երեկոյեան ժամը 21:00-ին սկսելիք այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Ֆուատ Շեհապի անուան համալիրին մէջ, Ժունիէ:

ՀՄԸՄ-ի մարզիկները ցարդ իրենց կատարած երեք մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած են` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Անթունիէն (71-59), Ահիա Ռիատան (75-67) եւ Ռիատի Ղազիրը (81-68):

 

 

Share this Article
CATEGORIES