ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ – ՈՒԱՖԱԱ ՆԱՊԻ ՇԻԹ` 0-1
Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 11 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ուաֆաա Նապի Շիթը:
Յաղթանակի մը պարագային ՀՄԸՄ երթի մրցումները պիտի աւարտէր պարագլուխի դիրքին վրայ: Սակայն պատահեցաւ հակառակը եւ ՀՄԸՄ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով երթի մրցումները աւարտեց երրորդ դիրքին վրայ (8 կէտով): Նապի Շիթ, որ 28-րդ վայրկեանին նշանակեց իր եւ մրցումին «որբ» կոլը, ինք գրաւեց պարագլուխի դիրքը` 10 կէտով: Նըժմեթ Սահրա 9 կէտով գրաւեց 2-րդ դիրքը:
CATEGORIES Մարզական