ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրի հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ նշեց, թէ վաղը` 25 մարտ 2011-ին, Ս. Աստուածածնայ աւետման տօնին առիթով, պետական բոլոր հաստատութիւնները եւ քաղաքապետութիւնները փակ պիտի մնան:

ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը, որուն հետ քննարկեց տեղական իրադարձութիւնները:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան խստիւ դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա նահանգին մէջ վեր. Թերի Ճոնզի կողմէ Քորանը հրկիզելու արարքը:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի կոչ ուղղեց քաղաքական ղեկավարութիւններուն` որդեգրելու չափաւորական եւ համախմբող քաղաքական բառամթերք:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս շեշտեց, որ ներկայիս առանց կառավարութեան Լիբանանը աւելի վատ վիճակ մը չի ներկայացներ, քան` երբ ան կառավարութիւն ունէր:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաֆրոմաթիսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, լիբանանեան-կիպրական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի երէկ այցելեց կենսոլորտի եւ ներքին գործոց նախարարներ Մոհամետ Ռահհալի եւ Զիատ Պարուտի, որոնց հետ քննարկեց Սայտայի աղբանոցը փակելու մանրամասնութիւնները:

Կը նախատեսուի, որ Պահիա Հարիրի այցելէ նաեւ հրաժարեալ կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրիի` քննարկելու համար նոյն հարցը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ վառելանիւթի սակերը դարձեալ սղեցան: 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 400 լ. ոսկիով, 95 օքթան պենզինի սակը` 300 լ. ոսկիով, տիզըլ օյլին թիթեղը` 700 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 600 լ. ոսկիով:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներուն եւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին միջեւ հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին` նախնական ամբաստանութիւնը ի նպաստ Սաատ Հարիրիին ծառայեցնելու նպատակով:

ԸՍՏ «Նահար» օրաթերթին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պատրաստած է կառավարութեան կազմ մը, որ կը հաշուէ 26 նախարար, որոնցմէ 8-ն կը ներկայացնեն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը: Կը նշուի, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման դրական անդրադարձած է այս կազմին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ յաջորդ կառավարութիւնը պիտի ըլլայ քաղաքական, տնտեսական թէ ընկերային գետնի վրայ մարտահրաւէրներ դիմագրաւող կառավարութիւն մը: Ան շեշտեց, որ ոմանց կողմէ Դիմադրութեան զէնքին դէմ յայտարարուած պայքարը կը ծառայէ ամերիկեան-իսրայէլեան օրակարգին գործադրութեան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ատնան Քասսարը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը: Հանդիպումէն ետք Քասսար յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ դրամատնային մարզը ապահով է եւ լաւ վիճակի մէջ` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դիւրացնելու առումով զօր. Աունի մօտ շօշափած է որոշ դիւրութիւններ:

ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալաէտտին Թըրրօ ընդգծեց Լիբանանը արաբական երկփեղկումներէն պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի նշեց, որ աւելի լաւ է կազմել անկախ անձնաւորութիւններէ բաղկացած կառավարութիւն մը, որպէսզի Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմի մը հաւանականութիւնը կանխարգիլուի:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան աղբիւրներէն, նշեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ համաձայնած են արագացնել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իրենց վերջին հանդիպումին ընթացքին քննարկած են նախարարներու որոշ անուններ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերէն, կը շեշտէ, որ հանրապետութեան նախագահը պիտի երաշխաւորէ, որ յաջորդ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ որդեգրուի բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն կարգախօսը:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան պետական նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ իրենք կ՛օժանդակեն վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին` կառավարութեան կազմութեան առումով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կառավարութեան գրեթէ վերջնական կազմի մը պատկերացումը նախագահ Սլէյմանին պիտի ներկայացնէ ընթացիկ շաբաթավերջին:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն համաձայն, Հըզպալլա ոչ մէկ պատճառաբանութիւն ունի իր զէնքը պահպանելու, բացի տակաւին չյայտնաբերուած քարիւղէն, որուն գոյութիւնը Միջերկրականի մէջ հաւանական է:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ալի Շամի ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպանը, որմէ խնդրեց զօրակցիլ Լիբանանին` ՄԱԿ-ին ուղղած ծովային սահմանագծումի անոր պահանջին առումով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES