ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ, ՈՐ ԻՆՔՆ Է ԵՐԿՐԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔԸ
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որ կը կրէր «Բանակը` բոլորին» խորագիրը:
Այդ շրջաբերականին ընդմէջէն բանակի հրամանատարութիւնը նշեց, որ վերջերս լիբանանեան կարգ մը օրաթերթերու եւ քաղաքական վերլուծաբաններու կողմէ կատարուող մեկնաբանութիւններ կը միտին բանակը քաղաքական տարակարծութեան նիւթ դարձնել` անոր մասին սխալ յայտարարութիւններ կատարելով եւ կամայ թէ ակամայ զինուորներուն կորովը հարուածելով եւ բանակին արժանապատուութիւնը թիրախ դարձնելով:
«Բանակի հրամանատարութիւնը այս շրջաբերականով կու գայ հաստատելու, որ բանակը տեղակայուած է ամբողջ Լիբանանի տարածքին եւ օրական դրութեամբ կը հսկէ երկրին ապահովութեան ու կայունութեան, քաղաքացիական անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ կը հետապնդէ անօրէնները` ի՛նչ ալ ըլլայ անոնց համայնքային կամ կուսակցական պատկանելիութիւնը:
«Բանակը կը գիտակցի իր ստանձնած ազգային հսկայ պատասխանատուութեան եւ այդ իմաստով ալ կը գործէ` քաջ գիտնալով, որ իրեն համար թշնամի Իսրայէլէն երկիրը պաշտպանելը առաջնահերթութիւն է: Հետեւաբար, կը հաստատենք, որ բանակը իր ազգային պարտականութեան գիտակից հաստատութիւն է, որուն երթը անշեղ կը մնայ` բոլոր լիբանանցիներուն ծառայելու եւ բոլորէն հաւասար հեռաւորութեան վրայ ըլլալու իրականութենէն: Բանակը բոլոր լիբանանցիներուն համար է եւ երկրին ազգային միասնականութիւնը կ՛երաշխաւորէ, ինչքա՛ն ալ դժուար ըլլան տիրող պայմաններն ու մատուցուելիք զոհողութիւնները», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՀՈՎԻՒՆԵՐԸ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ
Բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ նախանցեալ օր իսրայէլեան ուժերուն կողմէ առեւանգուած լիբանանցի երկու հովիւները` Լէոն Ալամ եւ Մոհամետ Զուհրա, յանձնուեցան լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան:
Նշենք, որ իսրայէլեան ուժերը Նաքուրայի սահմանամերձ շրջանին վրայ լիբանանցի քաղաքայինները յանձնեցին հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն, որոնք իրենց կարգին քաղաքացիները յանձնեցին բանակին:
Բանակը հարցաքննութեան պիտի ենթարկէ հովիւները` իմանալու համար անոնց առեւանգումին մանրամասնութիւնները: