ԱԿՆԱՐԿ. ԹԷԺ ՄՐՑԱՊԱՅՔԱՐ` ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ

Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին, ընտրական նկատառումներէ մեկնած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու խոստումները բազմակողմանի են: Աւելի ճիշդը, երկկողմանի, եթէ նկատի ունենանք, որ այս հարցին վրայ կեդրոնացումը կը բաժնուի գործող նախագահին եւ Ընկերվարական կուսակցութեան նախագահական թեկնածու Ֆրանսուա Հոլանտի միջեւ:

Քաղաքական փորձագէտներու վերլուծումները` նախագահ Սարքոզիի Երեւանի մէջ կատարած յայտարարութիւններուն մասին, կը վերաբերէին հիմնականին մէջ ընտրական շարժառիթներու: Այս` ինչ կը վերաբերի Ցեղասպանութեան քրէականացումի օրինագիծի մօտալուտ առաջադրումին եւ ամբոխավարական առումով կատարուած ուշագրաւ քայլին «Ցե՛-ղա՛ս-պա՛-նո՛ւթ-ի՛ւնը» հայերէնով վանկարկումին: Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան խնդիրը սակայն կը բխէր նաեւ համաեւրոպական մօտեցումներէ. եւ պէտք է ըսել, որ այս հարցով նախագահ Սարքոզի ցոյց տուած է հետեւողականութիւն: Խնդիրը այս պարագային միայն ընտրական շարժառիթ չունէր, այլ նաեւ Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի շահերէն բխած քաղաքական մօտեցում էր   անուղղակիօրէն, ընտրականին առընթեր: Ցեղասպանութեան խաղաքարտը ի շարս  արգելակիչ այլ երեւոյթներու կրնար օգտագործուիլ դէպի Եւրոպական Միութիւն թրքական նկրտումներուն դիմաց  պատնէշներ դնելու ֆրանսական քաղաքական ուղեգիծի ընթացքին:

Ընկերվարականները այս խնդիրին մէջ այնքան շեշտակի չեն, որքան Սարքոզիի գլխաւորած քաղաքական շարժումը: Եւ միեւնոյն բացարձակ հետեւողականութիւնը յամենայն դէպս ցոյց չեն տուած: Այս չի նշանակեր երբեք, որ գործող նախագահին կեցուածքը այս ուղղութեամբ քարացած է եւ որեւէ փոփոխութեան ենթարկուելու հաւանականութիւնը չունի յառաջիկային:

Խնդիրը այս հանգրուանին կեդրոնացած է ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու յանձնառութիւններուն նկատմամբ ցոյց տրուած հրապարակային հետեւողականութեան մէջ: Այս հարցին մէջ յստակօրէն յարափոփոխ դիմագիծով ներկայացաւ նախագահ Սարքոզին, եթէ նկատի ունենանք իր նախընտրական եւ յետընտրական դիրքորոշումները եւ մանաւանդ յանձնառութեան հրապարակայնացման ժամանակահատուածն ու միջավայրը: Կասկածէ վեր է, որ Սարքոզիի երեւանեան յայտարարութիւնները մրցակից Հոլանտէն յաղթաթուղթ խլելու շարժառիթը ունէին: Մինչդեռ, այս ուղղութեամբ, թեկնածու Հոլանտի մօտեցումները եթէ այս հանգրուանին ընտրական նկատառումներով կրնան մեկնաբանուիլ, ապա նախապէս անպայման այդ համոզումը չէին գոյացներ: Այստեղ հետեւողականութիւնը աւելի ցցուն է գէթ այս հարցին պարագային:

Տարբեր է անշուշտ, որ նախագահական ընտրութիւններու հետզհետէ թէժացող մրցապայքարին մէջ ցեղասպանութեան ժխտումի քրէականացման հաւանականութեան աստիճանաչափը նկատառելի նոր հանգրուաններ կ՛ապահովէ: Օրինագիծի ներկայացման մարտավարական մօտեցումը եւս Հայ դատի աշխատանքներուն առումով քայլ մը դէպի յաւելեալ արհեստավարժութիւն կ՛ենթադրէ: Օրինագիծը չի նշեր Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն կը խօսի Ֆրանսայի կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած ցեղասպանութիւններու ժխտումը օրէնքով արգիլելու եւ ժխտողները քրէականացնելու մասին:

Ինչ որ յաջողութեան հանգրուանը նկատառելի քայլով մը կը մօտեցնէ: Ուրեմն, եթէ մէկ կողմէ մրցապայքարի թէժացումը յանձնառութիւններու ամրագրումներու եւ երաշխաւորումներու մասին խօսիլ կու տայ, միւս կողմէ` փոխանակ Հայոց  ցեղասպանութիւն բառեզրին, ճանչցուած ցեղասպանութիւններ բառակապակցութեան օգտագործումը քաղաքական ենթահողը աւելի կը պարարտացնէ` յաջողութեան յանգելու ուղղութեամբ:

Այս երկու հանգամանքներուն համատեղումը կրնայ հիմնական յառաջընթաց ապահովել այս հարցին մէջ: Սակայն այս բոլորին արդիւնաւէտ աշխատիլը պայմանաւորուած է Ֆրանսայի մէջ հայկական գործօնի զգալի աշխուժացումով:

«Ա.»

Share this Article
CATEGORIES