50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՅՑ. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ
ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ ԹՐԻՓՈԼԻԻ ՄԷՋ

Հայց. եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցները, ներկայ ուսումնական տարեշրջանին հետ սկսած ըլլալով իրենց դասաւանդութեանց, Թրիփոլիի զոյգ կիրակնօրեայ վարժարաններն եւս` Քաղաքի եւ Մինայի, վերաբացուեցան, ներքին տեսուչ Մակարիոս Ֆարաճեանի առաջնորդութեամբ: Հոգեկան կազդոյրի եւ ազգային արժէքներու ներշնչարան եղող այս դպրոցները երկար ժամանակ անհովիւ եւ իրենց վիճակին մնալէ ետք, շնորհիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վեհափառ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի, ունեցան իրենց վարիչ-տնօրէնը` յանձին Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին անձնուէր եւ աշխատունակ միաբաններէն Վարդան վրդ. Տեմիրճեանի, որ կը խորհինք, ներկայ մեր ժամանակին ամէնէն յարմար եւ այս սուրբ գործին նուիրեալ անձերէն մին է: Հայր սուրբը նախապէս վարած է կիրակնօրեաներու վարիչ-տնօրէնութեան քարտուղարութեան պաշտօն` 1958-1959 թուականներուն, երբ գրասենեակը կը գտնուէր Ազգային առաջնորդարանի մէջ:

Վարիչ-տնօրէն Վարդան վարդապետ իր պաշտօնավարութենէն ի վեր հաճեցաւ երկու այցելութիւններ տալ մեր կիրակնօրեաներու տեսչութեանց, 27 հոկտեմբեր եւ 11, եւ այս առթիւ մեզ տեղեակ պահեց կիրակնօրեաներու զարգացման եւ յարատեւման համար եղած աշխատանքներուն: Այս առթիւ, հրճուագինս ողջունեցինք մեր նոր ամսաթերթին «Դրազարկ»-ին հրատարակումը, ուր դարձեալ մեր սիրելի հայր սուրբին գլխաւորութեամբ, լոյս սկսած են տեսնել կրօնական, գրական եւ բանասիրական հետաքրքրական յօդուածներ: Այս ձեռնարկը եւս հայր սուրբին եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններուն մէկ յաղթանակը կրնանք այն նկատել, երբ նկատի ունենանք հրատարակութեան առիթով վարիչ-տնօրէնութեան ներկայացող մտահոգութիւնները:

Կիրակնօրեայ դպրոցներուն զարկ տալը մեր յարգելի ծնողներուն աւագ պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ: Ներկայ մեր սերունդին առողջ պահպանման եւ հոգեկան զարգացման այս վառարաններուն մէջ է որ անոնք` մեր զաւակները, ինչպէս կը յայտարարէ վարիչ հայր սուրբը, պիտի կարողանան մօտէն ծանօթանալ ոչ միայն Ս. Գրային եւ սրբազան դրուագներու, այլ նաեւ` մեր Ս. եկեղեցւոյ հայրապետներուն կեանքին եւ գործունէութեանց: Ուրախալի է, որ ներկայ մեր սերունդը արդէն իսկ համոզուած այս իրողութեան` տենդագին փարած է այս աշխատանքին, իրեն բաժին վերցնելով դասաւանդութեան եւ հսկողութեան պաշտօն Լիբանանի 19 կիրակնօրեաներէն ներս:

ՊԱՐԳԵՒ ՔՀՆՅ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Անցնող երկուշաբթիի խօսողն էր Բիւզանդ Եղիայեան, փնտռուած դաստիարակ մը եւ գրող մը: Այս դասախօսութիւնը, որուն նիւթն էր «Հայ թատրերգութիւնը», կը զուգադիպէր Ազգային արեւելեան թատրոնի հիմնադրութեան 100-ամեակին:

Յարգելի խօսողը շատ գեղեցիկ ձեւով տուաւ նիւթը` նախ ծանրանալով հայ թատրերգութեան ծագման վրայ: Ճշդեց, թէ մեր մէջ թատրերգութիւնը սկսած է Ք. Ա. 68 թուին, Մեծն Տիգրանի օրով, եւ ոչ թէ` 53-ին, իր որդւոյն` Արտաւազդի օրով: Յունական դասական թատրերգութենէն ներշնչուած, բայց զուտ հայեցի կառուցուածքով սկսած է մեր թատրերգութիւնը, որ ընդհանրապէս թագաւորներուն յաղթանակներու գովքը կը հիւսէր: Սկզբնական թատրերգութիւնները փճացուած են քրիստոնէութեան երեւումովը:

Միջին դարերու թատրոնը ծածկուած է գուսանական երգեցիկ ելոյթներու ետին, ապա դպրոցական բեմերուն վրայէն հասած է մինչեւ ԺԹ. դարու կիսուն, երբ ժողովրդական թատրոնը կ՛երեւի:

Յաջորդ դասախօսութեան նիւթն է «Հայապահպանում», խիստ այժմէական եւ կարեւոր նիւթը: Կը դասախօսէ վեր. Տիգրան Խրլոբեան: Լաւ կ՛ըլլայ, որ մեր հայրենակիցները «կամքէ անկախ պատճառներով»-ը մէկդի թողած` Հայկազեան փութան յաջորդ երկուշաբթի:

Գ. ԱԲԷԼԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES