ԳԱՂՈՒԹԷ-ԳԱՂՈՒԹ

ՍՈՒՐԻԱ

«ԱԴԱՄԵԱՆ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻՆ
ՈՍԿԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

1961-ին հայ մեծանուն դերասան Պետրոս Ադամեանի անունով մկրտուեցաւ Հալէպի Բարեգործականի Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան թատերախումբը, որ այս տարի մեծ շուքով նշեց իր յիսնամեայ յոբելեանը:

Յոբելեանի ձեռնարկներու շարքին ներկայացուեցաւ թատերական արխիւային ցուցահանդէս մը, ուր տեղադրուած էին «Ադամեան» թատերախումբի խաղացանկէն լուսանկարներ, ալպոմներ, որմազդներ, յայտագիր-գրքոյկներ, զանազան ներկայացումներու մէջ գործածուած զգեստներ, գոյքեր, նաեւ` մրցանակներ ու վկայագրեր:

Ցուցահանդէսին բացումը կատարեցին Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ-բեմադրիչ Նիքոլա Ծատուրեան եւ թատերագիր Լեւոն Մութաֆեան, որոնք յատկապէս այս յոբելեանին մասնակցելու համար հրաւիրուած էին Երեւանէն:

 

ԻՐԱՆ

«ՆԱՅԻՐԻ» ՄԻՈՒԹԵԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԻՆ
ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

2 դեկտեմբերին կազմակերպութեամբ Զէյթուն քաղաքամասի Հայ մշակութային «Նայիրի» միութեան սկաուտական բաժանմունքի «Հայդուկ» խումբին, մարզական մարմնի եւ քաղաքամասի «Արարատ», «Շանթ» ու «Մարիամեան» դպրոցներու ծնողական խորհուրդներու, նոյն միութեան «Սուքերեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միութեան հիմնադրութեան եւ գործունէութեան

30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ, որուն նպատակն էր քաղաքամասի հայ բնակիչներու եւ դպրոցականներու շրջանակէն ներս տօնել «Նայիրի» միութեան 30-ամեակը:

Ծրագիրը սկսաւ Սիփան Մկրտումեանի բացման խօսքով, որմէ ետք տեղի ունեցան` մարզական տարբեր խաղեր, մրցոյթներ, նկարչութեան մրցում, որոնց առաջնութիւն շահողները պարգեւատրուեցան: Զէյթուն քաղաքամասի հայ ախոյեան մարզիկները յուշանուէրներ ստացան:

ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ
ԻՐԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ
ԳԷՈՐԳ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻՆ ԵՐԿՕՐԵԱՅ ԱՅՑԸ` ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆ

Իսլամական խորհրդարանին մէջ հիւսիսային իրանահայութեան երեսփոխան Գէորգ Վարդանեան, Ատրպատական կատարած իր երկօրեայ այցելութեան ընթացքին, 1 դեկտեմբերին այցելեց Թաւրիզ: Թաւրիզի Ազգային առաջնորդարանին մէջ Գէորգ Վարդանեանի հետ հանդիպում ունեցան Թաւրիզի հայ համայնքի անդամները, որոնք արծարծեցին կարգ մը անձնական հարցեր: Գէորգ Վարդանեան հանդիպումներ ունեցաւ  նաեւ ՀՕՄ-ի եւ ՀՄԱԿ-ի Թաւրիզի մասնաճիւղերուն, Թաւրիզի Հայ համալսարանականներու միութեան վարչութիւններուն եւ հայոց ազգային դպրոցի հոգաբարձութեան ու տեսչութեան հետ: Երեսփոխանին Թաւրիզ այցելութիւնը եզրափակուեցաւ «Հ. Ոսկանեան» սրահին մէջ կազմակերպուած համայնքային հանդիպումով,  ուր Ատրպատականի հայոց Թեմական խորհուրդին եւ հայ համայնքին անունով Անահիտ Յակոբեան բարի գալուստի ու շնորհակալութեան խօսք ուղղեց . Վարդանեանին` շրջանին նկատմամբ անոր ցուցաբերած հոգատարութեան, օժանդակութիւններուն եւ հովանաւորութեան առիթով` մաղթելով անոր յաջողութիւններ:

Գէորգ Վարդանեան խօսք առնելով`  մանրամասն զեկուցում տուաւ Իսլամական խորհրդարանի 8-րդ նստաշրջանի խորհրդարանական գործունէութեան  մասին եւ բացատրութիւններուն հետ միաժամանակ ցուցադրեց համապատասխան նկարներ:

ՀԱՅ ՈՒՍ. «ՉՀԱՐՄԱՀԱԼ» ՄԻՈՒԹԵԱՆ
«ՈՒՐԱՐՏՈՒ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ԵՒ
«ԿԱՐԱՊ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻՆ ԵԼՈՅԹՆԵՐԸ

Վերջերս Թաւրիզի ազգային «Հ. Ոսկանեան» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Հայ ուսանողական «Չհարմահալ» միութեան «Ուրարտու» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Թենի Յակոբեանի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ալվին Յովհաննիսեանի, նաեւ միութեան «Կարապ» պարախումբը` ղեկավարութեամբ Արտեմ Նալպանտեանի:

Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով օրուան հաղորդավար Կարէն Սարգիսեան անդրադարձաւ «Ուրարտու» երգչախումբին գործունէութեան` հիմնադրութեան օրէն սկսեալ ակնարկելով խումբի հիմնադիր-ղեկավար Ժոռա Մինասեանի ջանքերուն` երգչախումբի յաջողութիւններուն ուղղութեամբ: Ան նշեց, որ թաւրիզահայութեան համար մեծ պարծանք է ունենալ նման արուեստագէտ մը:

Ելոյթի աւարտին Հայ ուս. «Չհարմահալ» միութեան նախագահ Արշաւիր Քեշիշեան հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց միութեան երգչախումբին եւ պարախումբին ու անոնց անցեալին եւ ունեցած ղեկավարներուն մասին: Ապա իր օրհնութեան ու քաջալերանքի խօսքը արտասանեց Ատրպատականի ժամանակի հոգեւոր հովիւ Վաղինակ վրդ. Մելոյեան, որ յուշանուէր յանձնեց Հ. ուս. «Չհարմահալ» միութեան, իսկ բոլոր մասնակիցներուն` մէկական տեսահոլովակ` Ս. Թադէի վանքի մասին:

Հարկ է նշել, որ Հ. Մ. «Արարատ» կազմակերպութեան Ուրմիոյ մասնաճիւղին հրաւէրով Հ. Ուս. «Չհարմահալ» միութեան խումբերը ելոյթ ունեցան նաեւ Ուրմիոյ մէջ:

ԱԼԻՔ»-Ի 80-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

«Ալիք»-ի 80-ամեակը մեծարող գործադիր յանձնախումբին նախաձեռնութիւններով  4 նոյեմբերին «Արարատ» մարզաւանի «Վաչիկ Ղարաբէկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յոբելեանական կեդրոնական ձեռնարկը:

Ձեռնարկին սկիզբը ցուցադրուեցաւ «Ալիք»-ի տարեգրութիւնը ներկայացնող տեսերիզ, ուր ազգային-հասարակական գործիչներու, խմբագիրներու, արտօնատէրերու խօսքերու ընդմէջէն վեր առնուեցաւ թերթին անցեալն ու ներկան: 80-ամեակի յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Արմենուշ Առաքելեան, որմէ ետք Մակար վրդ. Աշգարեան կարդաց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանին պատգամը:

Օրուան առիթով շնորհաւորանքի խօսքեր եւ բարեմաղթանքներ յղեցին` Իսլամական խորհրդարանի մէջ հիւսիսային իրանահայութեան երեսփոխան Գէորգ Վարդանեան, Թեհրանի թեմական խորհուրդի ատենապետ Էտուարտ Պապախանեան, «Ալիք» օրաթերթի ժամանակի խմբագիր Նորայր Էլսայեան, արտօնատէր Ալպէր Աճեմեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Բաղումեան, ՀՅԴ Բիւրոյի մամլոյ եւ քարոզչութեան պատասխանատու Աղուան Վարդանեան, «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչ եւիկ Մկրտիչեան եւ թերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան:

Այնուհետեւ, իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն, գնահատագրեր յանձնուեցան` «Ալիք»-ի երրորդ արտօնատէր դոկտ. Ռոստոմ Ստեփանեանին, չորրորդ արտօնատէր Ալպեր Աճեմեանին, խմբագիրներ` Էտուարտ Երիցեանին, Էտուարտ Ղահրամանեանին, Նորայր Էլսայեանին, Սեդա Դաւթեանին եւ Դերենիկ Մելիքեանին, ինչպէս նաեւ տնօրէն-վարիչներ` Եղիշ Գալստեանին, Հրաչ Զարիֆեանին եւ Վարուժ Յովհաննիսեանին:

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գրիգոր Առաքելեան դեսպանութեան աշխատակազմին անունով «Ալիք»-ին յղեց շնորհաւորական ուղերձ մը եւ նուիրեց պղնձաձոյլ յուշատախտակ մը:

Սրահին մէջ ներկաները առիթ ունեցան դիտելու ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած էր «Ալիք»-ի պատմութիւնը ներկայացնող լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ` 80-ամեակին նուիրուած գիրքը:

«ԱԼԻՔ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ 80-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

24 նոյեմբերին Թաւրիզի «Հ. Ոսկանեան» ազգային սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ «Ալիք» օրաթերթի 80-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն:

Հանդիսութեան բանախօսն էր Հենրիկ Խալոյեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները շնորհաւորեց «Ալիք» օրաթերթի 80-ամեակը եւ ներկայացուց Իրանի տարբեր վայրերու մէջ տարիներու ընթացքին հրատարակուած հայատառ թերթերուն եւ պարբերականներուն:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, տեղի ունեցաւ տեսաերիզի ցուցադրութիւն, ինչպէս նաեւ ցուցահանդէս:

Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Ներսէս քհնյ. Պասիլեանի խօսքով:

«ԱԼԻՔ» ՕՐԱԹԵՐԹԻՆ 80-ԱՄԵԱԿԸ

Նախաձեռնութեամբ Նոր Ջուղայի Հայ դատի  յանձնախումբին, 1 դեկտեմբերին «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ալիք» օրաթերթի 80-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:

Ձեռնարկին սկզբնաւորութեան ցուցադրուեցաւ «Ալիք»-ի 80-ամեակին առիթով պատրաստուած օրաթերթի տարեգրութիւնը պատկերող տեսերիզ, որմէ ետք օրուան հանդիսավար Արթին Մուրատեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Այնուհետեւ յաջորդաբար ելոյթ ունեցան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վարուժ Մովսիսեան, «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան եւ թեմի առաջնորդ  Բաբգէն եպս. Չարեան:

Ձեռնարկի ընթացքին կարդացուեցաւ Նոր Ջուղայէն «Ալիք»-ին յղուած ուղերձներէն հատուածներ, նաեւ ելոյթ ունեցաւ «Արարատ» միութեան մշակութային միաւորի «Կռունկ» ասմունքի խումբին անդամները եւ Ս. Ամենափրկիչ վանքի «Կոմիտաս» երգչախումբը:

 

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

ՖԻՔՍԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ
ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 121-ԱՄԵԱԿԸ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» կոմիտէին, 5 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի 121-ամեակի նշում:

Ձեռնարկին սկիզբը բոլոր ներկաները մէկ վայրկեանի յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին նոր մահացած բարերար Յարութիւն Սարաճեանին յիշատակը:  ՀՅԴ Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի անունով Բացման խօսքը կատարեց Տիգրան Սելիմեան, որ անդրադարձաւ օրուան տօնական նշանակութեան` շեշտելով, թէ ՀՅԴ միշտ եղած է գործի կուսակցութիւն:

Ապա յաջորդաբար ելոյթ ունեցան Հ.Կ. Խաչի «Ռուբինա» մասնաճիւղին կողմէ Ալմաստ Ճենապեան, ՀՄԸՄ-ի Աթէնքի մասնաճիւղի կողմէ Ֆիլիփ Ծերոնեան, Համազգայինի «Գէորգ Կառվարենց» մասնաճիւղին կողմէ Ասատուր Եզեկիէլեան եւ ՀՅԴ ՅԵՄ-ի «Դրօ» խումբին կողմէ Վիգէն Մինասեան:

Օրուան բանախօս Շահան Ֆարաճեան խօսք առնելով` շեշտեց, թէ Դաշնակցութիւնը դարձաւ ամբողջ հայ ժողովուրդին եւ ի մասնաւորի պարտադրուած  հայկական սփիւռքին կողմնացոյցը` ազգապահպանման ու պահանջատիրութեան գործին մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ օրուան իմաստը փառաբանական չէ միայն. այլ առիթ մըն է վերանորոգելու համար մեր ուխտը, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը անցեալի կուսակցութիւն մը չէ, ապագայի կուսակցութիւն է: Դաշնակցութիւնը դարձաւ սփիւռքի կուսակցութիւն` պատմական եղելութիւններու պատճառով եւ 1921-էն ետք հետեւողականօրէն ծառայեց այս հանգամանքին` առանց երբեք հրաժարելու  անշուշտ համահայկական, հայրենական կուսակցութիւն մը ըլլալու իր կոչումէն: Դաշնակցութիւնը իր լուռ աշխատանքով գաղութներ պահպանելու գործին առընթեր Հայ դատի պահանջատիրութիւնը առաջնորդեց դէպի նոր հանգրուաններ:

Թեմի առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեան խօսք առնելով` անդրադարձաւ կուսակցութեան գաղափարախօսութեան, անոր ձեւաւորած համահայկական աւանդին ու փոխանցած ժառանգութեան: Ձեռնարկին ընթացքին  գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

ՖՐԱՆՍԱ

ՄԵԾԱՐԱՆՔ ԵՒ ՀՐԱԺԵՇՏ`
«ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԲԱԺՆԻ ՏՆՕՐԷՆ ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ ԵԿԱՒԵԱՆԻՆ

28 նոյեմբերին Փարիզի Միջազգային համալսարանական ոստանի Հայ ուսանողներու տան մէջ յատուկ հրաժեշտի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ դոկտ. Զաւէն Եկաւեանին, որ 2011 տարուան վերջը հանգստեան պիտի կոչուի «Կիւլպէնկեան» հաստատութեան հայկական բաժնի տնօրէնութենէն:

Զաւէն Եկաւեան Հայ ուսանողական տան հետ առնչուած երկար անցեալ մը ունի: 12 տարիներ շարունակ եղած է Հայ տան տնօրէն, որմէ ետք նշանակուած է Լիզպոնի «Կիւլպէնկեան» հաստատութեան հայկական բաժնի տնօրէն: Նոր պաշտօնի կոչուելով հանդերձ, կը մնար կապուած Հայ ուսանողական տան քանի որ իբրեւ Պօղոս Նուպար ընտանիքի ներկայացուցիչ, ի պաշտօնէ  վարչութեան անդամ էր:

«Կիւլպէնկեան» հիմնարկը Փարիզի ուսանողական ոստանին մէջ կարեւոր ներդրում ունի թէ՛ Հայ ուսանողներու տան կապակցութեամբ եւ թէ՛ Փորթուգալի Ուսանողական Անտրէ Կուվէա տան: Հայ ուսանողներու տան համար տարեկան 30-40 հազար եւրոյի ներդրում ունի որ կ՛ընդգրկէ` տան սենեակներու մատակարարում, ուսանողներու կրթաթոշակ եւ զանազան բարենորոգումներու մասնակցութիւն:

Հայ ուսանողական տան ներկայ տնօրէն Սահակ Սուքիասեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց օրուան պատուոյ հիւրը: Խօսք առաւ նաեւ ընդհանուր վերակացու Քարին Քամպի:

Իր կարգին, Զաւէն Եկաւեան նշեց կարեւոր երեք կէտեր. առաջինը` Համալսարանական ոստանը միջազգային կառոյց ըլլալով` միջպետական համաձայնութեամբ կառուցուած են տարբեր ժողովուրդներու համալսարանական տուները. Հայ ուսանողական տունը կը հանդիսանայ միակը,  որ պետութիւն չունենալով հանդերձ,  կառուցուած է Պօղոս Նուպար Փաշայի կողմէ: Երկրորդ` Միջազգային համալսարանական ոստանը ժողովուրդներու միջեւ փոխհասկացողութեան եւ հանդուրժողութեան խորհրդանիշն է: Այստեղ է որ զանազան պետութիւններու, ազգերու զաւակներ կու գան ուսանելու եւ իրարու հետ բնականօրէն կը հաղորդակցին ու կ՛ընկերանան: Երրորդ` նշեց անունը «Կիւլպէնկեան» հաստատութեան հայկական բաժնի յաջորդ տնօրէնին` Աստղիկ Չամքերթեն:

 

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆԻ «ՏԱՏԻԿԻՍ
ԴԱՋՈՒԱԾՔՆԵՐԸ» ԺԱՊԱՒԷՆԻՆ
ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ ՄԷՋ

Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան Հայ դատի յանձնախումբին, չորեքշաբթի, նոյեմբեր 30-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ մտաւորական ու ֆիլմարտադրիչ Սիւզան Խարտալեանի «Տատիկիս դաջուածքները» վաւերագրական ժապաւէնին առաջին ներկայացումը` Ամերիկայի տարածքին, Հայ աւետարանական «Գողգոթա» եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ:

Վեր. Ներսէս Պալապանեան ողջոյնի խօսքով դիմաւորեց ներկաները ու աղօթքով բացումը կատարեց հանդիսութեան:

Նախքան ժապաւէնին ցուցադրութիւնը` Սիւզան Խարտալեանի կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացուց Հայ դատի յանձնախումբի անդամներէն Րաֆֆի Մոմճեան:

Խարտալեանի վերջին ժապաւէնը` «Տատիկիս դաջուածքները», որ Ցեղասպանութեան հարցի քննարկում մը ըլլալու կողքին, նոր էջ մը կը բանայ Խարտալեան ընտանիքի ողբերգական պատմութենէն, Խարտալեանի տատիկին` Խանումի, երեսին ու ձեռքերուն վրայի դաջուածքներուն պատճառով: Մեծ մօր անունը ենթադրեալ` «Խանում» Արմուտեան է: «Խանում»-ը իրեն տրուած անուն մըն է զինք բռնաբարող թուրքերուն կողմէ: Կ՛ենթադրուի, որ Խանում Արմուտեան ծնած է 1903-ին, Ատըեաման, Արեւմտեան Հայաստան:

Ինչպէս մեր պատմութիւններէն տեղեակ ենք, ջարդի ու արհաւիրքի ժամանակաշրջանին, Արեւմտահայաստանի հայութիւնը ցրուեցաւ աշխարհի չորս կողմը: Խանում Արմուտեանի ընտանիքն ալ, ճակատագիրի բերումով, 1922-ին կը հաստատուի Լիբանան, եւ 1922-էն մինչեւ իր մահը, ըստ Խարտալեանի, Խանում ապրած է բոլորովին լռակեաց կեանք մը: Ան երբեք չէ ժպտած` ո՛չ իր ամուսնոյն, ո՛չ զաւակներուն եւ ո՛չ ալ թոռներուն: Ժապաւէնին մէջ Խանումին քրոջ ուղղուած Սիւզանի այն հարցումին, թէ ո՞վ ըրաւ այս դաջուածքները, քոյրը խոժոռ դէմքով մը կը պատասխանէ. «Ի՞նչ գիտնամ, 10-12 տարեկան հայ եւ թուրք աղջիկներ էինք, կը խաղայինք միասին® անոնք ըրին»: Արդեօք ի՞նչ խորհուրդ կար` այդ «անոնք ըրին»-ին տակ քողարկուած. Աստուած միայն կրնայ գիտնալ:

Յուզիչ էին Խարտալեանի փնտռտուքները Տէր Զօրի շրջանի Մարքատէի տարածքներուն մէջ` հանդիպելով հարիւր տարուան ջարդերէն մնացած աճիւններու, որոնք հողէն դուրս մնացած էին: Խարտալեան դողդոջուն ձեռքերով, խոր յուզմունքով ու աղօթքով դարձեալ թաղեց այդ աճիւնները հողին մէջ, ապա իր առաջնորդներէն մէկը գետնէն գտաւ հայու ակռայ մը, որ տուաւ Սիւզանին: Ան գուրգուրանքով սեղմեց ակռան ափով, ապա տեղաւորեց զայն իր պայուսակին մէջ:

Պատմութեան ընթացքին յատկանշական հարցերէն մէկն ալ այն էր, որ «Տատիկիս դաջուածքները» ժապաւէնի դերակատարները վարձուած դերասաններ չէին, ինչպէս կ՛ըլլայ այլ ժապաւէններու պարագային: Այս պարագային, բոլորն ալ նոյն ընտանիքի հարազատ անդամներն էին` սկսեալ Ս. Խարտալեանէն, քոյրերէն ու մօրաքոյրէն, նաեւ` ընտանիքի հարազատ այլ անդամներէն: Այս է նաեւ ժապաւէնին գնահատելի արժանիքներէն մէկը:

Ձեռնարկի վերջաւորութեան առիթ տրուեցաւ ներկաներուն, որ հարցումներ ուղղեն: Խարտալեան գոհացուցիչ կերպով պատասխանեց քաղաքական թէ ջարդի մասին բոլոր հարցումներուն: Փակումէն առաջ խօսք առնելով` Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Արմէն Կարապետեան իր շնորհակալութիւնները յայտնեց ներկաներուն` իրենց հետաքրքրութեան ու ներկայութեան համար, ապա մասնաւոր գնահատանքի խօսք ուղղեց Սիւզան Խարտալեանին` անոր ազգանուէր ծառայութիւններուն համար: Երեկոն աւարտեցաւ վեր. Ներսէս Պալապանեանի խօսքերով ու Տէրունական աղօթքով:

ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՁԵՌԱԳՈՐԾ ԳՈՐԳԵՐՈՒ
ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ
ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ-ՎԱՃԱՌՔ

Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով` Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւն ու հոգաբարձութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացան Ամանորի ու Ս. Ծննդեան տօնական օրերու նախօրեակին կազմակերպելու արցախեան ձեռագործ գորգերու եւ հայ արուեստագէտներու նկարչական գործերու ցուցահանդէս-վաճառք, որ տեղի ունեցաւ 4 դեկտեմբերին, Ս. պատարագէն անմիջապէս ետք, եւ շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյ:

Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչը,  բացատրելով ձեռնարկին նպատակն ու մտայղացումը` նկատել տուաւ, որ բարի սովորութիւն է տօնական օրերուն, զիրար շնորհաւորելու կողքին, նաեւ նուէրներ փոխանակել, աւելցնելով, թէ նախընտրելի է, որ տրուած նուէրը ունենայ հայկական ոգի եւ շունչ, եւ հայկական յարկի մը տակ ըլլար հայկականութիւն բուրող բան մը: Ան հաստատեց, որ նման ցուցահանդէս-վաճառքներ առիթ են քաջալերելու հայ արուեստագէտներ ու գորգագործներ` ձեւով մը մասնակցութիւն բերելով մեր հայրենիքի տնտեսութեան:

Խօսելով անցեալ տարուան ցուցահանդէս-վաճառքին մասին` ան նշեց, թէ հակառակ անոր որ առաջին նախաձեռնութիւնն էր, գաղութի անդամները դրական կերպով ու գործնապէս ընդառաջած եւ քաջալերած էին եկեղեցւոյ այս քայլը, եւ հասոյթէն որոշ բաժին մը յատկացուած էր եկեղեցւոյ: Ան յոյս յայտնեց, որ այս տարի աւելի մեծ թիւով ազգայիններ ներկայանան եւ քաջալերեն սոյն նախաձեռնութիւնը:

ԵՐԵՔ  ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՒ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

Հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, վերջերս լոյս տեսան երեք հատորներ, որոնց շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 14 դեկտեմբերին, առաջնորդարանի «Զօրայեան» թանգարանին մէջ: Սոյն հրատարակութիւններն են`

ա) «Շարակնոց հայ եկեղեցւոյ աշխարհաբար թարգմանութիւն», երրորդ տպագրութիւն, հեղինակութեամբ Եփրեմ արք. Թապագեանի: Այս մեծածաւալ թարգմանութիւնը կ՛ընդգրկէ շարականներու գրաբար բնագիրն ու հանդիպակաց էջին` անոր աշխարհաբարը: Գործը կը ներկայացնէ շարականոցը իր լրիւ բովանդակութեամբ եւ յարակից բոլոր ցանկերու յաւելումներով: Սրտի խօսքեր ունին նաեւ ուսուցիչ եւ գիրքերու հեղինակ Կարօ Պետրոսեան ու դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեան, իսկ զոյգ մը «վկայութիւններ»` փրոֆ. Գրիգոր Փիտեճեանէն եւ Միհրան Քիւրտօղլեանէն: Աշխարհաբար այս նորագոյն ՇԱՐԱԿՆՈՑը ներկայացուց դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեան:

բ) «Հայ եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներ», գիրք Բ., հեղինակութեամբ դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեանի, որպէս լրացուցիչ հատորը առաջինին` հրատարակուած տարի մը առաջ: Սոյն հատորը կը բովանդակէ անցեալ դարու Հայ եկեղեցւոյ երախտարժան բարձրաստիճան հոգեւորականներ, որոնց կեանքն ու վաստակը որպէս օրինակ կը ներկայացուի ներկայ սերունդի հայ հոգեւորականութեան: Գիրքը կը բաղկանայ չորս բաժիններէ` 12 ընտրանի հոգեւորականներէ, մասնաւորաբար անոնց գրական վաստակը յայտնաբերելով: Ապա կը տրուի հաւատոյ հանգանակներու, Նիկիոյ եւ Տաթեւացիի բացատրական թարգմանութիւնը: Յոբելեանական բաժինին մէջ հեղինակը ընդգրկած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. հայրապետին վերջին շրջանի շինարար աշխատանքը` Սեւանի «Վազգէնեան» հոգեւոր ճեմարանին հիմնումը, դպրանոցի նորաշէն համալիրին կառուցումը եւ Հայորդեաց տուներու հաստատումը: Գիրքը ձօնուած է կաթողիկոսին, անոր ծննդեան վաթսունամեակի առիթով: Հատորը ներկայացուց Եփրեմ արք. Թապագեան:

գ) «Հայաստանեայց եկեղեցւոյ տօները եւ ազգային աւանդութիւնները» (արեւելահայերէն), որուն հեղինակն է Կարօ Պետրոսեան: Հատորը կը բովանդակէ Հայ եկեղեցւոյ տօները` ըստ Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին, ուր կը պարզաբանուին մեր տօներուն պատմական հիմքն ու իւրաքանչիւրին բերած կրօնական եւ դաւանական ուսուցումները: Գիրքին տիրապետող աղբիւրն է Աստուածաշունչը:

Գիրքը ներկայացուց  համայնքի մտաւորականներէն Բարսեղ Գարթալեան:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES