ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԸ ԺԻՒՓԷԻ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԿԸ ԽՆԴՐԷ

Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակը երկրին արտաքին գործոց նախարարութենէն պարզաբանումներ պահանջած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէի յայտարարութիւններուն գծով եւ արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէի հետ հանդիպում խնդրած:

Երէկ հրապարակուած յայտարարութեան մը մէջ Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակը կը նշէ, որ 8 դեկտեմբերին տեղի ունեցած «Տագնապ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ. մոռցուած տագնապ» խորագիրով կլոր սեղանին ժամանակ, Ֆասիէ յայտնած է, որ ինք «անկասկած կը հասկնայ Ազրպէյճանի տառապանքները: Այդ երկրին տարածքները գրաւուած են եւ ես` իբրեւ ֆրանսացի, աւելի լաւ կը հասկնամ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ բռնագրաւումը»:

Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակը համոզուած է, որ այդ խօսքերը կը վկայեն Ֆասիէի կողմնակալութեան մասին` հակառակ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցութիւններուն մէջ միջնորդի իր դերին:

Դատապարտելի որակելով ֆրանսացի դիւանագէտին յայտարարութիւնները` Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակը զանոնք կը դիտարկէ վերջին ամիսներուն Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան դրսեւորած` «Թուրքիոյ նկատմամբ չարդարացուած բարեացակամ» կեցուածքի ծիրին մէջ` յիշեցնելով մասնաւորաբար Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ քննարկումներու նպատակով պատմաբաններու յանձնախումբ հիւրընկալելու` պաշտօնական Փարիզի արտայայտած պատրաստակամութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES