ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ԵՒ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՈՒՂԻՆԵՐԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղիները:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Մամետեարով Տաւութօղլուին օրեր առաջ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու նիստին մասին տեղեկութիւն փոխանցած է:
Կողմերը քննարկած են նաեւ Ֆրանսայի խորհրդարանի իրաւական հարցերու յանձնախումբին կողմէ որդեգրուած` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող բանաձեւի հարցը:
CATEGORIES Հայկական