50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (16 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961)
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 10-ԱՄԵԱԿԻՆ
ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՀԱՆԴԷՍԸ
Ճիշդ տասը տարի առաջ, 1951 նոյեմբեր 29-ին աչքերը յաւէտ կը փակէր Ն. Փալանճեան Ճեմարանի հիմնադիր-տնօրէն, մեծանուն գրագէտ եւ մանկավարժ Լեւոն Շանթ: Եւ տեղին էր, որ անոր մահուան տասնամեակը յիշէին հանդիսաւոր կերպով նախ ի՛ր աշակերտ-աշակերտուհիները:
Այդպէս ալ Ն. Փալանճեան Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ, դեկտեմբեր 12, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ճեմարանի Շրջանային միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ այդ յիշատակի հանդէսը, ներկայութեամբ հոծ բազմութեան մը:
Յայտագրին մաս կը կազմէին նուագ եւ ընթերցումներ` Լեւոն Շանթի ոտանաւոր եւ արձակ գրականութենէն:
Օրուան երկու խօսք առնողներն ալ աշակերտներն էին մեծ հանգուցեալին. Մ. Իշխան եւ Գ. Շահինեան:
Երկու դասախօսներն ալ արժանաւորապէս ներկայացուցին Լեւոն Շանթի` որպէս գրագէտի եւ Մարդու, դիտելով զայն իր գրականութեան պրիսմակէն: Եւ գտան, որ Լեւոն Շանթ եղած է, իբրեւ իւրայատուկ դէմք, անկիւնաքարերէն մէկը մեր արդի գրականութեան, այլ մանաւանդ որպէս մարդ եղած է մեծ ու բացառիկ դէմք մը:
Կը յուսանք, որ վարակիչ կ՛ըլլայ օրինակը եւ այլ տեղեր ալ կը սարքուին յիշատակի նման հանդէսներ, որովհետեւ Լեւոն Շանթի անձնաւորութիւնն ու գրականութիւնը որքան քրքրուին, միշտ նոր գեղեցկութիւններ կրնան ցուցահանուիլ. որքան մատուցուին, այնքան կը բարձրացնեն ժողովուրդին նկարագիրը եւ կը ճոխացնեն անոր գաղափարներու եւ տեսիլներու աշխարհը:
ԿԱՐՏԻՆԱԼ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ
ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ
Ինչպէս գրած էինք, կարտինալ Աղաճանեան Սան Ֆրանսիսքօ հասած էր մասնակցելու համար եկեղեցական համաժողովի մը:
Կարտինալը ամսոյս 9-ին Սան Ֆրանսիսքոյէն եկած է Պոսթըն եւ երկու օր հիւրը եղած է կարտինալ Քուշինկի, որուն հին բարեկամներէն է:
Կարտինալ Աղաճանեան կաթողիկէ եկեղեցւոյ համաշխարհային առաքելութեան վարիչն է` Ս. պապին կողմէ նշանակուած: Յարգուած դէմքը մըն է ոչ միայն հայ ժողովուրդին մէջ, առանց խտրութեան, այլեւ` միջազգային կեանքին մէջ, իբրեւ «ամենափայլուն եկեղեցական դէմքերէն մէկը արդի ժամանակներուն եւ մեծագոյն միտքերէն մէկը եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ», ինչպէս ըսած է կարտինալ Քուշինկ:
Կարտինալ Աղաճանեան, որ ազգային ջերմ ոգիով տոգորուած է, կը ծառայէ նաեւ իր ժողովուրդին, ամէն անգամ որ առիթը ներկայանայ:
ՏԻԿԻՆ ՉԱԳԸՃԵԱՆԻ ՄԱՀԸ
ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ
Ամսոյս 9-ին Գահիրէի մէջ մեռած է Վիգթորիա Չագըճեան, մայրը` Եգիպտոսի Համազգային մշակութային ընկերութեան նախագահ Աւետիս Չագըճեան:
Ծնած էր 1879-ին եւ զաւակն էր Կիրակոսեան բարեհամբաւ գերդաստանի:
Յուղարկաւորութեան տխուր արարողութիւնը տեղի ունեցած է կիրակի օր հայ աւետարանական ժողովական եկեղեցիին մէջ, համազգային ձեւով:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ
ԿԵՍԱՐԻՈՅ ՄԷՋ
Կեսարիայէն կը գրեն 6 դեկտեմբեր թուականով.-
Մեր քաղաքի եւ շրջակայ եկեղեցավարչական հոգեւոր կեանքը խիստ նախանձելի է:
Ժողովուրդը առաւօտ իրիկուն խուռներամ կը փութայ եկեղեցի, ուր կանոնաւոր կերպով տեղի կ՛ունենան արարողութիւններ անխափան:
Ամբողջ ժողովուրդը գործի տէր ու ինքնաբաւ է: Թաղական խորհուրդը, որ երիտասարդ տարրերէ կազմուած է, մեծ հոգ կը տանի եկեղեցւոյ ներքին թէ արտաքին խնդիրներուն մասին խիստ բծախնդրօրէն:
Ձմեռը շատոնց հասած է ու մինչեւ 15 սանթիմ ձիւնը պատած է քաղաքս ու շրջակայքը:
Բարեբախտաբար 2 օրուան հարաւային տաք հովը հալեցուց ձիւները, ու այսօր կը վայելենք խիստ աշնանային գեղեցիկ օդ մը:
Առաջնորդական փոխանորդ Հայկազուն Ա. քահանայ Կարապետեան 25 տարիէ ի վեր պարտաճանաչութեամբ կը կատարէ իր պաշտօնը` յարգանք պարտադրելով բոլորին: Կառավարական շրջանակներու մօտ ալ յարգանք ու պատիւ կը վայելէ: Ուսեալ ու պատրաստուած եկեղեցական մըն է:

