ԷՐՏՈՂԱՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ՏԻՐՈՂ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԸ
Թուրքիոյ զինուորական բարձրագոյն խորհուրդը երէկ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին հետ քննարկեց Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ ապահովական վատթարացած կացութեան, Կիպրոսի եւ ՔԱԿ-ի դէմ պայքարի հարցերը:
Ժողովին մասնակցեցան պաշտպանութեան նախարար Իսմաթ Եըլմազ, Թուրքիոյ բանակի ցամաքային ուժերու, օդուժի եւ ծովուժի հրամանատարները, զինուորական ոստիկանութեան ընդհանուր հրամանատարը, առաջին, երկրորդ եւ երրորդ զօրաբաժիններու հրամանատարները եւ շարք մը բարձրաստիճան սպաներ:
Մինչ այդ, թուրք երիտասարդ վարորդներ ունեցող երկու ինքնաշարժներ, որոնք Աղեքսանտրէթէն Սէուտական Արաբիա կը մեկնէին, երէկ Իտլիպի մէջ զինեալներու կողմէ յարձակումի ենթարկուեցան: Վարորդներէն մէկը ոտքէն վիրաւորուեցաւ: Թուրք վարորդներէն մէկը վկայեց, որ իրենց դէմ յարձակում գործողները զինուորական տարազներ չէին կրեր: Աղեքսանտրէթի Ռէյհանլի քաղաքին մէջ ապահովական ուժերը ինքնաշարժներէն մէկուն վրայ փամփուշտի 17 ծակեր գտան, իսկ միւսին վրայ` երեք:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ դատապարտեց Սուրիոյ մէջ «մարդկութեան դէմ կատարուած առօրեայ ոճիրները»` պահանջելով, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հեռանայ իշխանութենէն:
Ան Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ հարիւրաւոր համալսարանականներու հարց տուաւ, թէ «տակաւին որքա՞ն զոհ պէտք է արձանագրուի, որպէսզի աշխարհ գիտակցի, թէ Պաշշար Ասատ պէտք է հեռանայ»:
Եւրոպական խորհրդարանը որդեգրեց բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ եւ Չինաստանի կեցուածքը` անոնց կոչ ուղղելով Սուրիոյ մէջ ժողովրդային ցոյցերու ճնշումը դատապարտող ՄԱԿ-ի որոշում մը հրապարակելու համար Ապահովութեան խորհուրդին հետ համագործակցելու:
Բանաձեւը կը նշէ, որ «Ռուսիոյ եւ Չինաստանի կեցուածքը արգելք կը հանդիսանայ, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Սուրիոյ մէջ արիւնալի դէպքերուն պատշաճ պատասխան մը տայ»` աւելցնելով, որ «Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամները պէտք է Սուրիոյ մէջ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը երաշխաւորեն»:
Նշենք, որ Սուրիոյ փոխնախագահ Ֆարուք Շարեհ երէկ Մոսկուա մեկնեցաւ` քննարկելու համար Սուրիոյ տագնապի խաղաղ լուծման կարելիութիւնները: Ան Մոսկուայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ շարք մը այլ ռուս պաշտօնատարներու հետ: