ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԱԾ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒՄԸ ԻՐԱԳՈՐԾԵԼՈՒ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շեշտեց Լիբանանի մէջ հաւասարակշռուած բարգաւաճում իրագործելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանցի քաղաքացիներուն բեռը թեթեւցնելու անհրաժեշտութիւնը:
Իր հանդիպումներուն ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ հաւասարակշռուած բարգաւաճումը իրականացնելու համար պէտք է վաւերացնել վարչական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը` ընդգծելով, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ յառաջիկայ յունուարի կիսուն վաւերացնելու այդ դրութիւնը:
Պաապտայի մէջ նախագահ Սլէյման ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան որդեգրած քայլերը` բարելաւելու համար բջիջային հեռաձայնի եւ համացանցի գործածութիւնը:
Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ երեսփոխան Թամմամ Սալամի հետ: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Քեսրուանի, Ժունիէի եւ Ֆթուհի առեւտրականներու մէկ պատուիրակութիւնը. քննարկուեցան երկրին մէջ տնտեսական եւ զբօսաշրջական մարզերը ամրապնդելու հեռանկարները:


