ԸՍՏ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ 2012-ԻՆ ՊԻՏԻ ՓՈՐՁԷ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ԱՋԱԿՑԻԼ

Ռոլանտ Քոպիա

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռոլանտ Քոպիա յայտարարած է, որ «Եւրոպական Միութիւնը շահագրգռուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումով»:

«2011-ի ընթացքին շարք մը ուղիղ եւ միջնորդուած կոչեր հնչած են` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ Եւրոպական Միութեան աւելի մեծ ներգրաւուածութեան առնչութեամբ», ըսած է ան:

Քոպիա յիշեցուցած է, որ այս տարի Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթըն շրջանին մէջ Եւրոպական Միութեան նոր յատուկ պատուիրակ նշանակած է Ֆիլիփ Լըֆորը: «Կը կարծեմ, որ ատիկա Էշթընի կողմէ յստակ եւ ուժեղ ազդանշան էր, ինչ որ կ՛ապացուցէ, որ Եւրոպական Միութիւնը շահագրգռուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումով® Մենք ներգրաւուած չենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ, սակայն կրնանք փորձեր կատարել` անոնց գործունէութեան աջակցելու համար», ըսած է ան:

 

Share this Article
CATEGORIES