ՔԱՐԼՈՍ ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ՑԿԵԱՆՍ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ

Քարլոս

Ֆրանսական դատարանը երկրորդ անգամ ըլլալով ցկեանս բանտարկութեան դատապարտեց վենեզուելացի ահաբեկիչ Իլյիչ Ռամիրես Սանչեսը, որ ծանօթ է Շնագայլ Քարլոս ծածկանունով:

62-ամեայ վենեզուելացի ահաբեկիչը կը մեղադրուի 1980-ական թուականներուն Ֆրանսայի մէջ չորս ահաբեկչութիւններ  կատարելուն համար: Վերջիններուս պատճառով արձանագրուած է 11 զոհ եւ շուրջ 150 վիրաւոր:

1997-ին ֆրանսական արդարադատութիւնը Քարլոսը դատապարտած էր ցկեանս բանտարկութեան` երեք անձերու, ներառեալ` երկու ոստիկաններու սպանութեան համար:

Քարլոս ահաբեկչական գործունէութեամբ սկսաւ զբաղիլ 1970-80-ական թուականներուն:  Ինչպէս ծանօթ է, ան համագործակցած է Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատին հետ: Իսլամութիւնը ընդունած վենեզուելացին երկար տարիներ ապրած է արաբական երկիրներու մէջ: Սակայն 1994-ին Սուտանի իշխանութիւնները զինք Ֆրանսայի յանձնեցին:

Քարլոս խոստովանած է, որ իր կազմակերպած ահաբեկչութիւններուն պատճառով սպաննուած է 1.5-2 հազար մարդ, սակայն, ըստ իրեն, զոհերու թիւին մէջ խաղաղ բնակիչներ քիչ եղած են:

Share this Article
CATEGORIES