50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 25 ՄԱՐՏ 1961 )

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ՆՈՐԳ ԻՐՔԵՐ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Հետաքրքրական կարգ մը գիրքեր լոյս տեսան վերջերս, Հայաստան:

Ակադեմիկոս Արտաշէս Կարինեանի «Ակնարկներ հայ պարբերական մամուլի պատմութեան» երկրորդ հատորին մէջ ներկայացուած են Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ 19-րդ դարու սկիզբէն մինչեւ 70-ական թուականներու վերջերը հրատարակուած հայկական պարբերաթերթերը` Վենետիկ, Վիեննա, Փարիզ, Մանչեսթըր:

Գիրքը ունի նաեւ լուսաբանութիւններ, ծանօթագրութիւններ եւ մատենագրական ցանկ մը:

Կարեւոր ձեռնարկ մըն է եւ պակաս մը պիտի լրացնէ Երուանդ Օտեանի երկերուն ծողովածուն, որուն առաջին հատորը լոյս տեսաւ վերջերս: Այս հատորին մէջ զետեղուած են հեղինակին «Միջնորդ տէր պապան» երգիծավէպը, «Փրոփականտիստները» եւ «Ազգային բարերարը» երգիծական վիպակները: Հատորին մէջ կայ նիաեւ «Զավալլըն», «Ֆրանքօ-թրքական պատերազմ» երգիծական եւ այլ բնոյթի պատմուածքներ, քրոնիկներ, եւ այլն:

Առանձին երեք գիրքերով ներկայացուած են Հայաստանի գրագէտներուն ընտիր էջերը: Առաջինին մէջ տեղ գտած են բանաստեղծներ` Աւետիք Իսահակեան, Ե. Չարենց, Ն. Զարեան, Գ. Սարեան, Գ. Մահարի, Վ. Ալազան, Վ. Նորենց, Յ. Շիրազ եւ ուրիշներ: Երկրորդին մէջ արձակագիրներ` Ալ. Շիրվանզադէ, Նարդոս, Աւ. Իսահակեան, Գ. Դեմիրճեան, Ստ. Զօրեան, Ա. Բակունց եւ այլն: Երրորդ հատորն ալ յատկացուած է թատերագիրներուն` Ալ. Շիրվանզադէ, Դեմիրճեան, Վ. Վաղարշեան, Ն. Զարեան, Գ. Տէր Գրիգորեան:

Հատորներէն իւրաքանչիւրին կցուած է յառաջաբան-ծանօթութիւն:

 

ՀԻՒՍԷՅՆ ԹԱԳԱՒՈՐ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

«ՊԱՏՐԱՍԱՏ ԵՄ ԿԱՐԵԼԻՍ ԸՆԵԼՈՒ
ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ»

Կ՛ԸՍԷ ՎԵՀԱՊԵՏԸ

«Սիոնի» մարտի թիւին մէջ կը կարդանք.-

Յունուարի 30-ին, երկուշաբթի ժամը կէսօրուան երկուքին, պատրիարք հայրը այցելութիւն մը տուաւ վեհափառ թագաւորին, Ամման, Պասմանի պալատին մէջ:

Նորին ամենապատուութեան կ՛ընկերանային պատրիարքարանիս դիւանապետ Շահէ վրդ., Ամմանի հոգեւոր հովիւ Դաւիթ վրդ., Երուսաղէմի ազգայիններէն` Մարտիրոս Մաթոսեան, Ամմանի ազգայիններէն` Հայկ Փելթեքեան, Յակոբ Պետեւեան, Տիրան Ոսկերիչեան եւ Վարուժան Էթեէմէզեան: Պատրիարք սրբազանն ու իր հետեւորդները ընդունուեցան արքայական գրասենեակին մէջ, որոշուած ժամուն: Ն. ամենապատուութիւնը նախ խօսք առաւ եւ շնորհաւորեց Հիւսէյն թագաւորը Արաբական զարթօնքի տօնին առիթով: Սոյն տօնը հաստատուած է Հաշիմական տան մեծանուն նահապետին` Հիւսէյն ամիրապետին կողմէ, որ մեծ պապն էր ներկայ թագաւորին: Սրբազան հայրը մաղթանքներ ըրաւ Յորդանանի Հաշիմական գահի հաստատութեան եւ իր կորովի, իմաստուն եւ ամէնուն սէրն ու հիացումը գրաւող գահակալին` Հիւսէյն Ա.ի երջանկութեան եւ արեւշատութեանը համար:

Վեհափառ թագաւորը, զգացուած պատրիարք հօր անկեղծ եւ սրտագին խօսքերէն, մտերմիկ եւ լեցուն ժպիտով իր շնորհակալութիւնը յայտնեց ըսուած խօսքերուն համար` աւելցնելով, թէ ինք միշտ պատրաստ է իր լաւագոյն կարելին ընելու Երուսաղէմի հայ պատրիարքութեան եւ հայ ժողովուրդին համար:

Շուրջ կէս ժամ տեւած այս այցելութենէն ետք, պատրիարքը հրաժեշտ առաւ վեհ. թագաւորէն եւ վերադարձաւ Երուսաղէմ:

Share this Article
CATEGORIES