ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ՄԱՐՏԱՎԱՐԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱՆԻՇԵՐ
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան քուէարկած թիւ 306 բանաձեւը Հայ դատի աշխատանքներու մարտավարական փոփոխութեան արգասիքը կարելի է համարել: Բանաձեւը, առանց Ցեղասպանութիւն բառեզրի օգտագործման, խորքին մէջ կը թեւակոխէ ճանաչումի յաջորդ հանգրուանը` հատուցումներու մէկ կարեւոր բաժինը:
Ներկայացուցիչներու տունը առանց առաջադրուած բառեզրին շուրջ ծաւալող բանավէճի խորքին մէջ կ՛անցնի ճանաչման բուն նպատակին եւ Թուրքիայէն կը պահանջէ իրաւունքներու վերադարձ` բուն իրաւատիրոջ:
Կը վերադառնանք հատուցումի բաժինին. նախ, տառացիօրէն ներկայացնենք թիւ 306 բանաձեւին հիմնական 4 կէտերը.
– Դադրեցնել Թուրքիոյ մէջ բոլոր տեսակի կրօնական խտրականութիւնները:
– Արտօնել եկեղեցիներուն իրականացնել կրօնական ծէսեր, մատուցել կրթական, ընկերային ծառայութիւններ` առանց սահմանափակումներու:
– Վերադարձնել քրիստոնէական եկեղեցիները, կրօնական եւ կրթական կառոյցները, դպրոցները, յուշարձանները, սրբավայրերը եւ այլ աղօթատեղիներ, ինչպէս նաեւ շարժական գոյքը (արուեստի գործեր, ձեռագիրներ, եւ այլն):
– Արտօնութիւն տալ քրիստոնեաներուն կատարել եկեղեցիներու, աղօթատեղիներու, այլ սրբավայրերու եւ հիւանդանոցներու նորոգութեան աշխատանքներ:
Առաջին կէտը ուշադրութիւն կը գրաւէ: Բանաձեւի որդեգրումը առաջին հայեացքով կը ձգէ այն տպաւորութիւնը, որ որոշումը, իր ընդհանուրին մէջ, կը վերաբերի քրիստոնէական կրօնի ազատութեան, ընդ որում հայկականին: Ուշադիր ընթերցումը առաջին կէտին կը նախանշէ ինքնին, որ կը խօսուի բոլոր տեսակի կրօնական խտրականութիւններուն վերջ տալու անհրաժեշտութեան մասին: «Բոլոր»-ը այստեղ խտրականութիւններուն տարատեսակութեան չի վերաբերիր, այլ կրօններուն: Իսկ բոլոր կրօններուն մէջ կը ներառուի հրէականը, ինչ որ մտածել կու տայ հրէական լոպիի մասնակցութեան, անուղղակի քաջալերանքին կամ առնուազն գործընթացը չարգելակելու մասին: Բանաձեւը բնականաբար հայկականին առընթեր վայելած է զօրակցութիւնը երկրի թիւ 2 լոպիիստական խմբաւորումին` յունական քաղաքական գործօնին: Ուրկէ կ՛ընդգծուի ճշդուած մարտավարութեան երկրորդ կարեւոր հանգամանքը` լոպիիստական ուժերու կուտակումի ապահովումը, իբրեւ կարեւոր նախադրեալ յաջողութեան հասնելու:
Կրօնական ազատութիւնը, եկեղեցիներու նորոգութիւնը, սրբավայրերու արարողութիւններ կազմակերպելու իրաւունքը մարդկային իրաւունքի այնպիսի բաղադրատարրեր են, որոնց առաջադրումն ու պահպանումը նախապէս այլ ուխտերով եւ համաձայնութիւններով վայելած են Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը. յաճախ ալ` անոր յառաջատար ներգրաւուածութիւնը նման փաստաթուղթերու ձեւաւորման մէջ: Մարտավարական երրորդ արդիւնաւէտ մօտեցումը առաջադրուած միջավայրի կիրարկած արժեհամակարգի որդեգրումով նմանատիպ բանաձեւի նախագիծերու ներկայացումին մէջ կը կայանայ:
Ներազգային առումով եւս տակաւ կը ձեւաւորուի ճանաչումէն հատուցում հաւաքական աշխատանքի անցում կատարելու անհրաժեշտութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր բարձրագոյն ղեկավարութեան մակարդակով կը խօսի Սեւրի դաշնագիրի այժմէական եւ իրաւական կարեւորութիւն ներկայացուցած ըլլալու իրողութեան, արդարութեան վերականգնման եւ Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման մասին, մինչ սփիւռքը հետզհետէ պահանջատիրական հիմունքի վրայ կը շեշտէ հատուցումներու իրաւական թղթածրարի պատրաստութեան անյետաձգելիութիւնը: Այս ծիրին մէջ կարեւոր մեկնակէտ կը համարուի սփիւռքի ազգային եւ հոգեւոր կեդրոնին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնած գիտաժողովի կազմակերպումը` միջազգային օրէնքի հիման վրայ հատուցումներու իրաւաքաղաքական պատրաստուածութեան ենթահողը նախագծելու համար:
Մինչ մարտավարական այլ տեսակի փոփոխութիւններ այս օրերուն կը նախանշեն յաջողութեան նախադրեալները` Ֆրանսայի մէջ Ցեղասպանութեան ժխտումի քրէականացումին:
Հայկական գործօնը ինքնապարտադրանքի փաստերով կը պարտաւորեցնէ պաշտօնական Անգարան մերթ դէպի Փարիզ սպառնալու, մերթ դէպի Ուաշինկթըն հակազդեցութեան կարգով յայտարարութիւններ կատարելու: Իրադարձութիւնները այնպէս մտածել կու տան, որ դէպի 100-ամեակ ճիշդ հունով կ՛առաջնորդուի համահայկական գործօնը: