ՃԱՏՐԱԿ. ՎԱՂԸ` ԿԻՐԱԿԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ` ՖԸՐՆ ՇԸՊՊԵՔԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Կազմակերպութեամբ Նոթրը Տամ-Ֆըրն Շըպպեք վարժարանին, հովանաւորութեամբ Ֆըրն Շըպպեքի քաղաքապետ Ռեմոն Սըմաանի եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, վաղը` կիրակի, 18 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ ճատրակի Ս. Ծննդեան մրցաշարք մը` վերոնշեալ վարժարանին մէջ:
Տեղի պիտի ունենան երեք դասակարգի մրցումներ` հետեւեալ ձեւով. դասուածներ, չդասուածներ եւ 16 տարեկանէն վար: Բնականաբար, վերջին դասակարգը իր կարգին պիտի բաժնուի քանի մը դասակարգերու, նայած մրցաշարքին մասնակցողներուն թիւին:
Ժամը 18:00-ին տեղի պիտի ունենայ բաժակներու եւ մետալներու տուչութիւն:
Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին այս մրցաշարքին մասնակցիլ, կրնան կապ հաստատել կազմակերպիչ Էլի Խէյրալլայի հետ` հեռաձայնելով 03-883225 թիւին:
Կ՛ակնկալուի, որ հայերուն մասնակցութիւնը ըլլայ մեծաթիւ` ամէն գնով հոնկէ բաժակներով եւ մետալներով վերադառնալու համար, այնպէս ինչպէս պատահեցաւ նախորդ տարի, նոյն վայրին մէջ, ուր հայերը խլեցին մետալներուն առիւծի բաժինը:

