ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ «ՍԱՆ ՄԸ ՈՐԴԵԳՐԷ» ԾՐԱԳՐԻՆ Ի ՆՊԱՍՏ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ

Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս- պատրիարքին, հինգշաբթի, 1 դեկտեմբեր 2011-ի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Մեթրոփոլիթըն փալաս» հիւրանոցի «Նուրա հոլ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանին աւանդական դարձած տարեկան բարեսիրական ընթրիքը` ի նպաստ «Սան մը որդեգրէ» ծրագրին: Ընթրիքին ներկայ էին` հոգեւոր հայրեր, բարերարներ, վարժարանի բարեկամներ, տեսչական կազմի անդամներ եւ օժանդակ մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի բարեկամներէն Մհեր Գալենտերեան` յատկապէս շեշտը դնելով հայ վարժարանի մը, որպէս հայապահպանութեան գործընթացի կարեւորագոյն օղակին թիկունք կանգնելու անհրաժեշտութեան վրայ:

Վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ  ներկաներուն փոխանցելով իր սրտի խօսքը` ներկայացուց վարժարանին այսօրուան իրավիճակն տարբեր կէտերէ մեկնած:

Յարմար առիթ նկատելով օրուան հաւաքը` տնօրէնին խնդրանքով հոգեւոր տէրը, Մեսրոպեանի ողջ անձնակազմին անունով յուշանուէր մը յանձնեց հայր Վարդան եպս. Աշգարեանին` առ ի երախտագիտութիւն անոր երկարամեայ ծառայութեան` Մեսրոպեան վարժարանին:

Բարեսիրական ընթրիքի ընթացքին, որուն ներկայ էր վարժարանի մնայուն եւ անկեղծ բարեկամ ու բարերար Վարուժ Ներկիզեան, առ ի գնահատանք ու երախտագիտութիւն անոր վարժարանին նուիրուածութեան, յատուկ յուշանուէր` «Սուրբ Աւետարան»-ը յանձնեց հայր Վարդան եպս. Աշգարեան: Խօսք առնելով` վարժարանի բարերարը նշեց, որ շուտով, մարտ 8:00-ին, Տուպայի մէջ անձամբ կը կազմակերպէ բարեսիրական ճաշկերոյթ մը` ի նպաստ լիբանանահայ կաթողիկէ վարժարաններուն:

Ընթրիքի ընթացքին նաեւ յատուկ կեպով մեծարուեցան տէր եւ տիկ. Էտկար եւ Էլիզապեթ Սիուֆիները, որոնց երախտագիտական յուշանուէր յանձնեց Լիբանանահայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Յովհաննէս  եպս. Թէյրուզեան:

Նշենք, որ վերոնշեալ բարեսիրական ընթրիքին ի նպաստ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Սան մը որդեգրէ» ծրագրին հանգանակուեցաւ շօշափելի գումար:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Share this Article
CATEGORIES