«ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻՆ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊՈՒԿԸ» ԵՐԳԱԽԱՌՆ ԹԱՏԵՐԱԽԱՂԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

«Հայ մանուկի տարուան» առիթով տեղի ունեցած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, անցնող շաբաթավերջին կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէնութեան, «Ծիածան» մանկապատանեկան թատերախումբը ներկայացուց «Հայ մանուկին Կաղանդ պապուկը» երգախառն թատրոնը` բեմադրութեամբ Յարութ Հարպոյեանի, երաժշտութիւն` Սեդօ Պաղտասարեանի, մասնակցութեամբ Նայիրա Պաղտասարեանի, Լորի Քէշիշեանի, Շաքէ Պաղտասարեանի, Զեփիւռ Ժամպուրեանի, Փանոս Աբրահամեանի, Փաթիլ Մկրտիչեանի, Ազնիւ Փոլատեանի, Րաֆֆի Քէշիշեանի եւ Մայտա Քէշիշեանի:

Նախքան թատերախաղի ներկայացումը խօսք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէն Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան: Ան յայտնեց, որ 2011-ին զանազան ձեռնարկներով արժեւորուեցաւ հայ մանուկը: Ան կոչ ուղղեց ծնողներուն, որ «Հայ մանուկի տարուան» աւարտին պարտականութիւն ստանձնեն` իրենց զաւակներու կեանքին ընթացքին արմատացնելու այդ խորհուրդը` արժեցնելով զայն իրենց մէջ: Ան շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին` «Ծիածան» թատերախումբին նկատմամբ իր տածած գուրգուրանքին եւ հոգածութեան համար:

«Մեր պատգամն է, որ մանուկները իրենց կեանքին ընթացքին ըլլան միշտ աշխատասէր, մաքուր եւ տիպար հայ ու տիպար քրիստոնեայ», եզրափակեց Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան:

Այնուհետեւ մօտ 1 ժամ տեւողութեամբ բաւական խանդավառ մթնոլորտի մէջ Նայիրան ու Լորին ներկայացուցին թատերախաղը` միասնաբար փիսոյին, մկնիկին, ծառին, արեւին, բանտային, նապաստակին եւ Չամինային հետ: Բոլորն ալ լաւապէս մեկնաբանեցին իրենց վստահուած դերերը եւ դիմաւորեցին Կաղանդ պապան, որ նուէրներ բաժնեց իրենց:

 

Share this Article
CATEGORIES