ԺԵՀԹԱՈՒԻԻ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՑԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՏՕՆԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՆՇՈՒՄ

Երէկ` կիրակի, 18 դեկտեմբերին, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան Ժեհթաուիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետի տօնը: Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին նուիրուած եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամ երեսփոխան Արթուր Նազարեան:

Առաջնորդ սրբազանը այս առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ ներկայացուց Աւետարանին մէջ ամէնէն սքանչելի կերպով ներկայացուած հովիւի պատկերը, որ ցոյց կու տայ Աստուծոյ հարազատութիւնը մարդկութեան նկատմամբ: Գեղամ արք. Խաչերեան շեշտը դրաւ ապահով ըլլալու հասկացողութեան վրայ եւ նկատել տուաւ, որ հովիւը ապահովութիւն ներշնչող է: Սրբազանը աւետարանական հատուածին իմաստը բաժնեկցեցաւ ներկայ հաւատացեալներուն հետ` ընդգծելով, որ հայ եկեղեցին իբրեւ հօտ ունի իր ցանկապատը եւ դուռը, սակայն երբ ներկայիս կ՛ըսենք, թէ հայ եկեղեցին է այն դուռը, ուրկէ կարելի է հասնիլ աստուածային ճշմարտութեան, այս հասկացողութիւնը այդքան ալ յստակ չէ մերօրեայ երիտասարդութեան մօտ:

«Դուռին ամրութիւն տուողը ժողովուրդն է, հաւատքը կու գայ ծանօթութենէն, սակայն եթէ ծանօթութիւնը պակասաւոր է, հաւատքը ամուր չ՛ըլլար», նկատել տուաւ առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ վստահութիւնը պէտք չէ խախտի, որովհետեւ անիկա է ապահովութեան վայրը: Սրբազանը նաեւ ընդգծեց, որ հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը հայութեան հարազատ արժէքներուն պահպանումն է օտար ուղղութիւններու դէմ: Գեղամ արք. Խաչերեան Ս. Յակոբի տօնին առիթով ներկաները հրաւիրեց պահելու քրիստոնէական հաւատքը:

Պատարագին եւ հոգեհանգստեան պաշտօնին աւարտին Գեղամ արք. Խաչերեան Ս. Յակոբի տօնին առիթով կատարեց մատաղօրհնէք:

 

Share this Article
CATEGORIES