ԷՐՏՈՂԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԹՈՒՐՔԵՐՈՒՆ, ՈՐ ՉՁՈՒԼՈՒԻՆ

«ԴՈՒՔ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԷՔ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ,
ԲԱՅՑ ՆԱԵՒ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԷՔ ՄԵՐ ՄԵԾՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ»

Կիրակի, փետրուարին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թալիպ Էրտողան ելոյթ ունեցաւ Տէօսըլտորֆի մէջ Գերմանիա: Շուրջ տասը հազար հոգի` անցեալի թուրք ներգաղթողներու սերունդներ եկան զայն տեսնելու: «Ձեզ կը կոչեն հիւր-աշխատաւորներ, օտարներ կամ գերմանացի թուրքեր»,- նշեց ան: «Կարեւոր չէ ի՛նչ կը կոչեն ձեզ: դուք իմ քաղաքակիցներս էք, դուք իմ ժողովուրդս էք, դուք իմ բարեկամներս էք, դուք իմ քոյրեր- եղբայրներս էք...»:

Կիրակի, 27 փետրուարին, հազարաւոր թուրք արտագաղթածներ հռչակաւոր ռոք-սթարի ընդունելութիւն կազմակերպեցին Գերմանիոյ մէջ վարչապետ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի համար: Անիկա դրսեւորում մըն էր անոնց ազգային պատկանելիութեան, որ կը շարունակէ վառ մնալ` նոյնիսկ տասնամեակներ Գերմանիոյ մէջ ապրելով հանդերձ: Ան ըսաւ անոնց, թէ արտագաղթածները կը շարունակեն մաս կազմել Թուրքիոյ, եւ կոչ ուղղեց, որ անոնք համարկուին գերմանական ընկերութեան մէջ, բայց չձուլուին անոր մէջ:

Երգին բառերը կը շարունակեն արձագանգել Տէօսըլտորֆի սրահին մէջ… «Երկիրը կը պատկանի բոլորիս…»: Այս նախադասութիւնը չ՛ակնարկեր Գերմանիոյ, այլ` Թուրքիոյ:

Արտագաղթած ժողովուրդը կը ծածանեցնէ հարիւրաւոր թրքական դրօշակներ, եւ յանկերգներն ու երաժշտութիւնը խլացուցիչ են: Կին մը բարձրախօսով կը գոռայ` «Թուրքիան մեծ է», եւ բազմութիւնը բացագանչութիւններով կը պատասխանէ: Երաժշտական համերգներու այդ հսկայ վայրին` մարզադաշտին մէջ բոլորը կրակի վրայ են. կարծէք, թէ կը սպասեն ռոք սթարի մը: Բայց քաղաքին մէջ մէկ ելոյթ կար այդ օրը, եւ անոր անունն է` Ռեճեփ Թայիպ Էրտողան:

Թուրք վարչապետը այցելեց Գերմանիա: Ան կ՛ուզէր հանդիպիլ Անկելա Մերքելի հետ, բայց նախ կ՛ուզէր խօսիլ իր «հայրենակիցներուն». մարդոց, որոնք տասնամեակներէ ի վեր կ՛ապրին Գերմանիա, որոնք հոն ծնած են, եւ որոնցմէ շատեր կը կրեն գերմանական անցագիրներ:

Էրտողան հռչակաւոր ռոք-սթարի ընդունելութեան արժանացաւ: «Ան մեր փրկիչն է», ըսաւ ներկաներէն կին մը:

Բազմութիւնը հաւաքուած է Գերմանիոյ բոլոր կողմերէն` Էրտողանը տեսնելու համար, շուրջ տասը հազար հոգի: Անոնք կ՛ըսեն. «Գերմանացիները երբեք պիտի չընդունին մեզ, բայց մենք ունինք Էրտողանը», կամ` «Վերջապէս մէկը պատասխանատու կը զգայ մեզի հանդէպ. առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիոյ մէկ վարչապետը չի մոռնար դուրսը ապրող իր հայրենակիցները»: Կին մը ըսաւ. «Կրնայ ըլլալ, որ Էրտողան համոզէ Մերքելը, որ մեզ տեսնէ իբրեւ մէկ մասը այս ընկերութեան: Ան մեր փրկիչն է»:

Թուրք ծագումով շուրջ երեք միլիոն մարդ կը բնակի Գերմանիոյ մէջ: Անոնցմէ ոմանք սերունդներն են թուրքերու, որոնք Գերմանիոյ կառավարութեան կողմէ հրաւիրուած էին 1950-ական եւ 1960-ական թուականներուն` իբրեւ «հիւր աշխատաւորներ», լրացնելու համար Բ. Աշխարհամարտէն ետք յառաջացած երկրի մարդուժի պակասը:

Իսլամ ներգաղթողները հանրային տաք բանավէճերու կիզակէտը եղած են վերջին մէկ տարուան ընթացքին: Պահպանողական յօդուածագիրներ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ կ՛ամբաստանեն զանոնք Գերմանիոյ ընկերութեան մէջ չհամարկուելու յանցանքով: Միւս կողմէ` մեծաթիւ ներգաղթածներ իրենց կարգին կը գանգատին, թէ տակաւին կը կոչուին «օտարականներ», նոյնիսկ երբ Գերմանիոյ մէջ ծնած են, ունին գերմանական քաղաքացիութիւն եւ կատարելապէս կը խօսին գերմաներէն:

«ԵՍ ՀՈՍ ԵՄ ՑՈՅՑ ՏԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, ԹԷ ԴՈՒՔ ԱՌԱՆՁԻՆ ՉԷՔ»

«Փրկիչը կը հասնի շուրջ մէկուկէս ժամ ուշացած: «Թուրքիա հպարտ է ձեզմով», կը գոռայ բազմութիւնը այդ քաղաքին մէջ, Ռայնլանտի (Ռայնի երկիրի) սիրտը: «Մենք հպարտ ենք ձեզմով», կը պատասխանէ Էրտողան:

Աղջիկ մը` թրքական, գերմանական եւ եւրոպական դրօշներ պարզած: Էրտողանի ելոյթը ընտրական քարոզարշաւի մը ելոյթին նմանեցաւ` այս ամրան տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն նախօրեակին: Նախորդ ընտրութիւններուն թրքական անցագիր կրող գաղթականներ թռան դէպի Անգարա, Պոլիս կամ Անթալիա` իրենց քուէները տալու համար օդակայանին մէջ:

Ան ուղղակի կը սկսի խօսիլ ժողովուրդին սիրտին. «Ես հոս եմ ձեր տենչը բաժնելու: Ես հոս եմ ձեր որպիսութիւնը հարցնելու: Ես հոս եմ ցոյց տալու համար, որ դուք առանձին չէք…»:

Էրտողան կ՛ուզէ իր ունկնդիրներուն տալ յստակ ինքնութիւն մը. «Ձեզ կը կոչեն հիւր-աշխատաւորներ, օտարներ կամ գերմանացի թուրքեր: Կարեւոր չէ, թէ ի՛նչ կը կոչեն ձեզ: Դուք իմ հայրենակիցներս էք, դուք իմ ժողովուրդս էք, դուք իմ բարեկամներս էք, դուք իմ քոյրեր- եղբայրներս էք…»

«Դուք մաս կը կազմէք Գերմանիոյ, բայց նաեւ մաս կը կազմէք մեր Մեծն Թուրքիոյ», կ՛ըսէ Էրտողան:

«Այն գեղջկական ապրելակերպը, զոր Գերմանիոյ մէջ բնակող շատ թուրքեր իրենց ետին ձգեցին 1960-ականներուն, այլեւս գոյութիւն չունի», Էրտողան ըսաւ ամբոխին: «Մենք այլեւս անոր կառչած պիտի չմնանք: Ես կ՛ուզեմ, որ դուք սորվիք գերմաներէն, որ ձեր զաւակները սորվին գերմաներէն, անոնք պէտք է ուսանին, մագիստրոսի վկայական առնեն: Կ՛ուզեմ, որ ըլլաք բժիշկներ, դասախօսներ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ` Գերմանիոյ մէջ», ըսաւ ան:

Կարծես ընտրական քարոզարշաւի մը ատեն արտասանուած խօսք մը ըլլար` այս ամրան տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն նախօրեակին: Էրտողան կը փորձէ սիրաշահիլ Գերմանիոյ թուրքերուն քուէները: Նախորդ ընտրութիւններուն թրքական անցագիր կրող գաղթականներ թռան դէպի Անգարա, Պոլիս կամ Անթալիա` իրենց քուէները տալու համար օդակայանին մէջ:

Այդ պատճառով է, որ Էրտողան շարունակ կը շեշտէ իր կառավարութեան յաջողութիւնները իր ելոյթներուն մէջ, եւ Թուրքիան կը պատկերէ իբրեւ արդիական եւ մեծ ուժ մը: «Մենք երկիր մը չենք, որ օժանդակութեան կարիքը ունինք, այլ մենք կ՛օժանդակենք»` նշեց ան: «Ներկայիս իմ հայրենակիցներս այլեւս փոխադրակառքով չեն ճամբորդեր, այլ` օդանաւով»: Ան նաեւ ըրաւ զինուորական ակնարկութիւններ. «Այժմ Թուրքիան վերջապէս պիտի սկսի կառուցել իր սեփական օդանաւերը»:

«ՈՉ ՈՔ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՈՒՆԻ ԶՐԿԵԼՈՒ ՄԵԶ ՄԵՐ ՄՇԱԿՈՅԹԷՆ»

Էրտողան ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ ժողովրդավարութեան եւ կարծիքի ազատութեան նեցուկ կանգնող մը: Թուրքիա կը փոխուի, կ՛ըսէ ան, աւելցնելով, թէ բոլոր այն արուեստագէտներն ու գրողները, որոնք հեռացան Թուրքիայէն եւ արտաքսուեցան, պէտք է վերադառնան: Պատգամը այն է, որ Եւրոպական միութիւնը պէտք է արտօնէ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը:

Իր ելոյթէն առաջ օրաթերթի մը մէջ հրատարակուած իր հարցազրոյցին մէջ Էրտողան կոչ ուղղեց Մերքելին, որ հրաժարի Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան վերաբերեալ իր կեցուածքէն: «Այդ ձեւի քաղաքական արգելքներ երբեք չեն դրուած անդամակցութիւն պահանջող ուրիշ որեւէ երկրի դիմաց», դիտել տուաւ ան:

Բայց ան թուրքերը զգուշացուց ձուլումէն: «Այո՛, համարկուեցէ՛ք գերմանական ընկերութեան մէջ, բայց մի՛ նոյնանաք: Ոչ ոք իրաւունք ունի զրկելու մեզ մեր մշակոյթէն եւ մեր ինքնութենէն»:

Մարդկային իրաւունքներ, նորագործութիւն, յառաջդիմութիւն… Այն գեղջկական ապրելակերպը, զոր Գերմանիոյ մէջ բնակող շատ թուրքեր իրենց ետին ձգեցին 1960-ականներուն, այլեւս գոյութիւն չունի, Էրտողան ըսաւ ամբոխին: «Մենք այլեւս անոր կառչած պիտի չմնանք: Ես կ՛ուզեմ, որ դուք սորվիք գերմաներէն, որ ձեր զաւակները սորվին գերմաներէն, անոնք պէտք է ուսանին, մագիստրոսի վկայական առնեն: Կ՛ուզեմ, որ ըլլաք բժիշկներ, դասախօսներ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ` Գերմանիոյ մէջ», կ՛ըսէ Էրտողան:

Եւ յետոյ կը կրկնէ այն նախադասութիւնը, որ մեծ գրգռութիւն յառաջացուց երեք տարի առաջ Քէօլնի մէջ ունեցած իր մէկ ելոյթին ընթացքին: Ան թուրքերը զգուշացուց գերմանացիներու մէջ ձուլուելու: «Այո՛, համարկուեցէ՛ք գերմանական ընկերութեան մէջ, բայց մի՛ նոյնանաք: Ոչ ոք իրաւունք ունի զրկելու մեզ մեր մշակոյթէն եւ մեր ինքնութենէն»:

Էրտողան լաւ գիտէ, որ այդ հաստատումը գրգռութիւն կը համարուի Գերմանիոյ մէջ. ոչ մէկ քաղաքական անձնաւորութիւն թուրք ներգաղթողներէն  կը պահանջէ, որ ուրանան իրենց արմատները կամ հրաժարին իրենց մշակոյթէն: Էրտողան կ՛աւելցնէ. «Վաղը գերմանական օրաթերթերը պիտի ակնարկեն այս մասին, բայց ատիկա սխալ է»:

Թրքական ծագումով կիներ կ՛ունկնդրեն Էրտողանը: Ան զգուշացուց հետզհետէ աճող օտարատեացութեան դէմ եւ ըսաւ. «Իսլամատեացութիւնը պէտք է համազօր ըլլայ հակասեմականութեան»:

Բարեպաշտ իսլամներուն ուղղուած անոր պատգամն ալ նոյնանման էր. «Իսլամատեացութիւնը պէտք է համազօր ըլլայ հակասեմականութեան», կ՛ըսէ ան:

Ան իր հայրենակիցներուն բերած էր նաեւ նուէր մը. թեթեւակի երկքաղաքացիութիւն մը: Այսպէս կոչուած «Կապոյտ քարտ»ը, որ գերմանական քաղաքացիութիւն ունեցող թուրքերուն կու տայ որոշ իրաւունքներ Թուրքիոյ մէջ, պիտի բարելաւուի: Այդ քարտը ունեցողները ապագային պիտի ունենան նոյն իրաւունքները, ինչպէս` թուրք քաղաքացիները, ինչ կը վերաբերի իշխանութիւններուն եւ դրամատուներու հետ իրենց ունեցած գործերուն:

Քանի մը վայրկեան թրքական դրօշի կարմիր ու սպիտակ գոյներով փայլուն թերթիկներու (քոնֆեթի) տարափ մը կը տեղայ բեմին վրայ: Էրտողանի ելոյթը վերջ գտած է:

Անոր ըրածը յաւելեալ համարկման կոչ մըն էր, բայց` խիստ պայմաններով: Ան ըսաւ. «Քիչ մը պատշաճեցէք, բայց մի՛ արտօնէք, որ վատ ձեւով վարուին ձեզի հետ, եւ եթէ որեւէ հարց ծագի, ես կու գամ օգնութեան»: Ելոյթ մըն է, որ բնաւ չքաջալերեց Գերմանիոյ նկատմամբ պատկանելիութեան զգացումը. ան հաստատօրէն խօսեցաւ թրքական ազգային հպարտութեան մասին` այն ժողովուրդին, որ Գերմանիան իր տունը կը համարէ չորս սերունդներէ ի վեր:

Կին մը արցունքոտ աչքերով կանգնած էր սրահին դուրսը: «Այս տարի ես պէտք չունիմ ամառնային արձակուրդի երթալու: Սիրտիս մէջ ժամեր անցուցի Անատոլուի մէջ»:

ԷՕԶԼԵՄ ԿԵԶԵՐ ԵՒ ԱՆՆԱ ՌԱՅՄԱՆ

«Շփիկըլ Անլայն»

Էրտողանի ըրածը յաւելեալ համարկման կոչ մըն էր, բայց խիստ պայմաններով: «Քիչ մը պատշաճեցէք, բայց մի՛ արտօնէք, որ վատ ձեւով վարուին ձեզի հետ, եւ եթէ որեւէ հարց ծագի, ես կու գամ օգնութեան»:

Ելոյթ մըն է, որ բնաւ չքաջալերեց Գերմանիոյ նկատմամբ պատկանելիութեան զգացումը. ան հաստատօրէն խօսեցաւ թրքական ազգային հպարտութեան մասին` այն ժողովուրդին, որ Գերմանիան իր տունը կը համարէ չորս սերունդներէ ի վեր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES