ԱՅՆ ՀԵԼՈՒԷԻ ՄԷՋ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՄԻՋԱԴԷՊԵՐ ԵՒ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Լինօ

Զինեալ ներկայութիւն` Այն Հելուէի մէջ

Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ երէկ ահաբեկուեցաւ Ֆաթհի զինուորական թեւի պատասխանատու Մահմուտ Իսայի (ծանօթ Լինօ ծածկանունով), թիկնապահը:

Մէկ շաբթուան ընթացքին Լինօ կը կորսնցնէ իր երկրորդ թիկնապահը. առաջինը սպաննուած էր չորս օր առաջ:

Լինոյի թիկնապահը` Ամեր Ֆուսթուք, երէկ կէսօրին սպաննուած էր Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ` դիմակ հագուած անծանօթի մը կողմէ փամփուշտ ստանալով:

Կրակոցին իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած էին նաեւ Իպրահիմ Ասատի անունով պաղեստինցի երեխայ մը եւ լիբանանցի քաղաքացի մը` Ահմետ Համմուտ:

Ֆուսթուքի սպանութենէն քանի մը վայրկեան ետք, Ֆաթհի պատասխանատուներէն Հանի Եուսեֆ նոյն վայրին մէջ ենթարկուեցաւ կրակոցի եւ ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ:

Այս միջադէպին իբրեւ հետեւանք Այն Հելուէի մէջ ծայր առին բախումներ` գնդացիրներու եւ նռնականետերու

օգտագործումով, ինչ որ ամայացուց գաղթակայանը, որուն մուտքին լիբանանեան բանակը խստացուց իր որդեգրած ապահովական միջոցառումները: Այս բախումները պատճառեցին 14 վիրաւորներ:

Այս պայմաններուն ներքեւ, պաղեստինեան գաղթակայանի հարցերու յանձնախումբը գումարեց արտակարգ նիստ մը եւ գաղթակայանի իսլամական ուժերուն հետ հրապարակեց միացեալ հաղորդագրութիւն մը` պահանջելով փողոցներէն հեռացնել զինեալները եւ վերջ տալ լարուածութեան եւ գաղթակայանին դէմ նախապատրաստուող սադրանքին:

Երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-էն ետք Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ տիրեց զգուշաւոր հանդարտութիւն, ինչպէս նաեւ կատարուեցան բարձր մակարդակի միջամտութիւններ, որոնք կը միտին Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատել:

«Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Լինօ շեշտեց, որ կան արտաքին կողմեր, որոնք հրահանգներ ստացած են` ահաբեկելու համար Այն Հելուէ գաղթակայանին ապահովական ուժերը:

Ան նշեց, որ այս սպանութիւններուն նպատակն է գաղթակայանին ապահովական կայունութիւնը խախտել եւ իսլամական ուժերուն միջեւ գրգռութիւն հրահրել:

Լինօ աւելցուց, որ տակաւին կան տեղեկութիւններ, որ Այն Հելուէի մէջ պիտի արձանագրուին ապահովական այլ  գործողութիւններ` հարուածելու համար հոն տիրող կայունութիւնը:

«Մենք պիտի հսկենք Այն Հելուէի կայունութեան եւ պիտի արգիլենք որեւէ տեսակի արիւնահեղութիւն», հաստատեց Լինօ:

 

Share this Article
CATEGORIES