ԸՍՏ ԱՓԱ-Ի ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՌՉԱԾ ԿԸ ՄՆԱՅ ՊՐԱՅԶԱՅԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԵԱՆ
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով իր աղբիւրները, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ կը պաշտպանէ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին Մեթիու Պրայզայի թեկնածութիւնը:
ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ այդ յայտարարութիւնը կատարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ:
«Կարծեմ` գիտէք, որ մենք կը պաշտպանենք այդ թեկնածուները», ըսած է Նուլընտ` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք քոնկրեսը մինչեւ տարեվերջ պիտի հաստատէ՞ Մոսկուայի եւ Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպաններուն թեկնածութիւնները: Ան աւելցուցած է, որ «մենք կ՛ուզենք, որ այդ կարեւոր պաշտօնները թափուր չմնան»:
Նշենք, որ Մեթիու Պրայզայի թեկնածութիւնը ծերակոյտին կողմէ ամիսներ շարունակ չէր հաստատուեր: Ըստ Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութեան, երկրի նախագահին կողմէ առաջադրուած թեկնածուները պէտք է հաստատուին ծերակոյտին կողմէ, սակայն այն պարագային, երբ քոնկրեսը միջնստաշրջանային արձակուրդի մէջ է, երկրին նախագահը կրնայ նշանակումները կատարել` առանց ծերակոյտի հաւանութեան:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա անցեալ տարեվերջին օգտուեցաւ իր սահմանադրական այդ իրաւունքէն եւ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան նշանակեց Պրայզան:
Եթէ ծերակուտականները մինչեւ քոնկրեսի յաջորդ նստաշրջանի վերջը չհաստատեն Պրայզայի թեկնածութիւնը, ապա Օպամայի վերոնշեալ հրամանը պիտի կորսնցնէ իր ուժը: