ԷՐՏՈՂԱՆ ՖՐԱՆՍԱՆ ՌՈՒԱՆՏԱՅԻ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵՂՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ Կ՛ԱՄԲԱՍՏԱՆԷ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր դարձեալ Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի հարցին անդրադառնալով Ֆրանսան ամբաստանեց Ռուանտայի ցեղասպանութեան մեղսակցութեան յանցանքով:
«Ոեւէ մէկը չի տեսներ Ռուանտայի մէջ տեղի ունեցած սպանդին մէջ Ֆրանսայի դերակատարութիւնը: Ան որ չի դիմակայեր իր պատմութիւնը, չի կրնար Թուրքիան մեղադրել: Խորհրդարանները պէտք չէ խոչընդոտեն կեղծ մեղադրանքներու դէմ պայքարողներուն: Ամօթալի փաստ է, երբ 21-րդ դարուն եւրոպական երկիր մը կը խոչընդոտէ անոնց, որոնք պատմական կեղծիքի դէմ կ՛արտայայտուին», ըսած է Էրտողան` աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի` Ֆրանսայի խորհրդարանի կողմէ ընդունումը յարաբերութիւններու խզման պիտի առաջնորդէ:
Ըստ «Սալամնիուզ»-ին, Էրտողան ըսած է, որ եթէ Ֆրանսայի ծերակոյտը կ՛ուզէ պատմութեամբ զբաղիլ, ապա պէտք է յստակացում կատարէ Ռուանտայի եւ Ալճերիոյ մէջ տեղի ունեցած սպանդներուն առնչութեամբ: «Եթէ անոնք փաստաթուղթեր չունին, կրնանք տրամադրել», աւելցուցած է Էրտողան:
Էրտողան ուրբաթ օր յայտարարած էր, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը ուղղուած է Թուրքիոյ պետութեան, թուրք ժողովուրդին եւ Ֆրանսայի մէջ ապրող թրքական համայնքին դէմ: «Կ՛ուզեմ բացայայտ կերպով յայտարարել, որ այդպիսի քայլերը շատ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենան թուրք-ֆրանսական քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային յարաբերութիւններու վրայ, իսկ ատոր պատասխանատուութիւնը ամբողջութեամբ այդ քայլին նախաձեռնողներուն վրայ է», Սարքոզիին ուղղուած իր նամակին մէջ գրած էր Էրտողան:
Նշենք, որ Ֆրանսայի խորհրդարանը կը պատրաստուի 22 դեկտեմբերին քննարկելու Ցեղասպանութեան դէմ պայքարի եւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի մասին նոր օրինագիծը:


