50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (20 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961)
ԱԶԳ. ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏԸ
Հինգշաբթի, 14 դեկտեմբեր 1961, երեկոյեան ժամը 6:30-ին գումարուեցաւ Լիբանանի հայոց Ազգային գաւառական ժողովը, Ս. Նշան Ազգային բարձրագոյն վարժարանի ընդարձակ սրահին մէջ:
Ժողովին կը նախագահէր թեմակալ առաջնորդ Խորէն արքեպիսկոպոս:
Սրբազան հօր աղօթքով ու բարի գալուստի մաղթանքով բացուեցաւ ժողովը:
Կարդացուեցան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու տեղեկագիրները 24 եւ 26 նոյեմբեր 1961-ին տեղի ունեցող Ազգ. գաւառական ժողովոյ մէկ հինգերորդի վիճակով դադարեալ եւ յաւելեալ 14 աշխարհական եւ եկեղեցական երեսփոխաններու ընտրութեան մասին եւ յետ ընտրական թղթածրարի քննութեան` վաւերացուեցան համաձայն Ազգ. սահմանադրութեան: Այս ձեւով Ազգ. գաւառական ժողովոյ երեսփոխաններուն թիւը 28-էն բարձրացաւ 42-ի:
Ապա, տասը վայրկեանի դադարէ մը վերջ, գաղտնի քուէարկութեամբ կատարուեցաւ մայր դիւանի ընտրութիւնը:
Մայր դիւանը կազմուեցաւ հետեւեալ կերպով.-
Տեարք Վահէ Սէթեան` ատենապետ, Ղազար Չարըգ` փոխատենապետ, Գառնիկ Բանեան` ատենադպիր, Վարդգէս Շամլեան` փոխատենադպիր:
Առաջնորդ սրբազանը ջերմ խօսքերով շնորհաւորեց նորընտիր դիւանը եւ բեղուն գործունէութիւն մաղթեց Ազգ. գաւառական ժողովոյ:
Ատենապետ Վահէ Սէթեան, յանուն դիւանին շնորհակալութիւն յայտնեց յարգելի երեսփոխաններուն` իրենց հանդէպ ցոյց տրուած այս վստահութեան համար:
Ժողովը փակուեցաւ ժամը 8:15-ին:
ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ
ԼՈՆՏՈՆԻ ՄՇՈՒՇԸ
Լոնտոնի… հռչակաւոր մշուշը ոչ միայն անհանգիստ կ՛ընէ Նորին վեհափառութեան հպատակները, այլ նաեւ ահագին ծախքի դուռ կը բանայ: Մշուշը ամէն օր Լոնտոնի բնակիչներուն մէկ միլիառ տրախմի կ՛արժէ, մասնաւորաբար երբ գործատուներու ծուխերուն հետ խառնուած կ՛ըլլայ: Ահաւասիկ հաշիւը:
– Ամէն օր, շապիկներու եւ հագուստներու լուացքի եւ մաքրութեան համար յաւելեալ ծախք` հարիւր միլիոն:
– Ինքնաշարժներու մետաղեայ մասնիկներու եւ տուներու փտումի վնաս` հարիւր միլիոն:
– Խոնաւութեան հետեւանքով անշարժ կալուածներու ծեփերու վնասներուն համար` երկու հարիւր միլիոն:
– Կրիփի եւ այլ հիւանդութեանց պատճառած վնասը ճարտարարուեստական արտադրութեան` երկու հարիւր միլիոն:
– Փոխադրութեանց անկանոնութեանց վնասները` երկու հարիւր միլիոն:
– Խոնաւութեան հետեւանքով ապրանքներու վնասները` երկու հարիւր միլիոն:
ԱՉՔԵՐԸ Ի՞ՆՉ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՆ
Աչքերը ո՛չ միայն հայելին են հոգիին, այլ նաեւ` առողջութեան:
Հոլանտացի ակնաբուժ մը, վերջերս կարգ մը դիտարկութիւններ հրատարակած է առողջութեան հետ աչքերու ձեւին ունեցած կապին մասին:
Հոլանտացի ակնաբուժին համաձայն, եթէ ձեր աչքերը կլոր են, զգայուն երիկամունք ունիք:
Նշաձեւ աչքերը` յօդացաւի (ռոմաթիզմ) հակամէտութիւն ցոյց կու տան:
Խոշոր աչքերը` գլխացաւի:
Աչքերու գոյներն ալ կ՛արտայայտեն ո՛չ միայն մարդու մը նկարագիրը` այլ նաեւ` օրկանական տկարութիւնները:
Կապոյտ աչքերը` զգայուն լեարդի նշան են:
Շագանակագոյն աչքերը` աղիքային անկանոնութեանց:
Սեւ աչքերը` վահանագեղձի արտակարգ գործունէութեան:
Ոսկեգոյն աչքերը` ստոծանիի բորբոքումի:
Կանանչ աչքերը` զգայուն ստամոքսի: